image

ՀԱՄԱՍ-ն ու Իսրայէլը մօտ են զինադադարի համաձայնութեան. ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչ

ՀԱՄԱՍ-ն ու Իսրայէլը մօտ են զինադադարի համաձայնութեան. ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչ

ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն յայտարարած է, որ պաղեստինեան դիմադրութեան շարժումը միջնորդներու միջոցով մօտ է Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան։

Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Իսմայիլ Հանիէն երեքշաբթի՝ 21 նոյեմբերին, ըսած է, որ ՀԱՄԱՍ-ն իր պատասխանը փոխանցած է քաթարական կողմին եւ այլ միջնորդներու։ Իսրայէլեան լրատուամիջոցներն աւելի վաղ յայտնած էին, որ ռազմական գրասենեակը կանաչ լոյս տուած է իշխանութիւններուն՝ ՀԱՄԱՍ-ի հետ զինադադար կնքելու համար:

ՀԱՄԱՍ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Իզզաթ ալ Ռիշքը նոյնպէս յայտարարած է, որ դիմադրութեան շարժումը հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք կը բերէ Իսրայէլի հետ, եւ որ պայմանաւորուածութեան մանրամասնութիւնները Քաթարի եւ Եգիպտոսի իշխանութիւնները պիտի յայտարարեն յառաջիկայ ժամերուն։ Ան մանրամասնած է, որ իսրայէլեան կողմը, յատկապէս վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, կը յետաձգեն հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները։