image

Իրանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները «քաղցր խօսքեր» փոխանակած են

Իրանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները «քաղցր խօսքեր» փոխանակած են

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ Պոլսոյ մէջ իր թուրք գործընկեր՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւնները «արդիւնաւէտ» որակած է, կը յայտնէ Mehr-ը:

«Արդիւնաւէտ ուղեւորութիւն, սքանչելի Իսթանպուլի մէջ եղբօրս՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուիի հետ, բանակցութիւններու համար: Ինչպէս նախապէս, այս անգամ ալ կառուցողական փոխգործակցութիւն, երկկողմանի եւ տարածաշրջանային հարցերու կապակցութեամբ»,- Թուիթըրով նշած է Իրանի ԱԳՆ ղեկավարը:

Ան նշած է, որ ուղեւորութեան վերջնանպատակն է «տարածաշրջանին մէջ 400 տարուայ խաղաղութիւն ունեցող Իրանի եւ Թուրքիոյ փորձի կիրառումը»:

Յիշեցնենք, որ Զարիֆը նախօրէին ժամանած է Թուրքիա բանակցութիւններ վարելու: