Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն հեռախօսազրոյցով քննարկած են Սի Ծինփինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ Հարաւային Քորէայի մէջ նախատեսուած հանդիպման մանրամասնութիւնները, ըսուած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Բանակցութիւններու ընթացքին Վանը ընդգծած է Չինաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք, համաշխարհային բնոյթ ունին եւ կ՚ազդեն աշխարհի զարգացման ուղղութեան վրայ։
Վան Ին նաեւ մէջբերած է Ռուպիոյի խօսքերը, որ ըսած է, որ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ յարաբերութիւններն աշխարհի մէջ ամենակարեւոր երկկողմ յարաբերութիւններն են, եւ ան յոյս ունի, որ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի առաջնորդներու միջեւ կառուցողական փոխգործակցութիւնը դրական ազդանշան պիտի յղէ աշխարհին։
Աւելի վաղ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Կո Ցզեաքունը յայտարարած էր Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի այս շաբաթ Հարաւային Քորէա կատարելիք եռօրեայ պետական այցի մասին՝ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու համար, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։