Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն այսօր հանդիպած է Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Ապտել Մակիտ Սաքրի հետ: Այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանը:
Կողմերը հանդիպման ընթացքին քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Անդրադարձած են նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու: