image

Իրանէն սպառնալիք՝ Իսրայէլին «Պիտի պատժենք ձեզ» ըսած է Իրանի Խորհրդարանի նախագահը

Իրանէն սպառնալիք՝ Իսրայէլին «Պիտի  պատժենք ձեզ» ըսած է Իրանի Խորհրդարանի նախագահը

Պաշտօնական Թեհրան յայտարարութիւններ տարածած է՝ Դամասկոսի մէջ իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով իր 5 ռազմական խորհրդականներու մահուան կապակցութեամբ։

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Իսրայէլին կը սպառնայ խիստ պատիժ, յայտնած է Mehr։

Հաղորդելով իր ուղերձը՝ Ղալիպաֆ ցաւակցութիւն յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդին, դիմադրութեան ուժերուն, Իրանի ժողովուրդին եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի զոհուած խորհրդականներու ընտանիքներուն։

Իր հերթին՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանի արձագանգած է Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ մէջ հարուածներուն։

Խստօրէն դատապարտելով Իսրայէլի հարուածները սուրիական բնակելի թաղամասին՝ Քանանի ըսած է, որ «սիոնիստներու յանցաւոր եւ յարձակողական արարքը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտում է»։

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը կոչ ըրած է միջազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, դատապարտելու Իսրայէլի ռեժիմի յանցագործութիւնները: