image

Ռումանիոյ նախագահը յայտարարած է, որ շահագրգռուած է ամերիկեան զօրքերու տեղակայմամբ

Ռումանիոյ նախագահը յայտարարած է, որ շահագրգռուած է ամերիկեան զօրքերու տեղակայմամբ

Ռումանիոյ նախագահ Նիկուշոր Տանը յայտարարած է, որ շահագրգռուած է երկրի տարածքին ամերիկեան զինուորներու տեղակայմամբ, քանի որ, անոր խօսքով, այդ երկու երկիրներուն համար ալ շահաւէտ է։ Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան SiriusXM ռատիոկայանի եթերին։

«Մենք շատ կ՚ուզենք ամերիկացի զինուորներ տեսնել մեր տարածքին։ Ատիկա շատ շահաւէտ պիտի ըլլար երկու երկիրներուն համար, քանի որ մենք շատ մօտ կը գտնուինք Միջին Արեւելքին ու միջերկրածովեան տարածաշրջանին», ըսած է Տանը։

Անոր խօսքով՝ երկիրները արդէն իսկ ռազմական համագործակցութիւն ունին։ Ռումանական ռազմակայանները Միացեալ Նահանգներու օդանաւերուն կողմէ օգտագործուած են վերալիցքաւորման եւ պաշտպանական սարքաւորումներու տեղակայման համար, սակայն նախագահը կը կարծէ, որ այս գործընկերութիւնը կարելի է զարգացնել։

«Մենք կ՚ուզենք, որ աւելի շատ ամերիկեան ընկերութիւններ ներդրումներ կատարեն Ռումանիոյ մէջ։ Մենք ունինք պայմաններ, գիտութեան ու արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ կրթուած մարդիկ, եւ մենք լաւ ներուժ ունինք ուժանիւթի ոլորտին մէջ», աւելցուցած է Տանը։

Ներկայիս Ռումանիոյ մէջ կը գտնուին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու աւելի քան 5500 զինուորներ, որոնցմէ մօտ 1500-ը ամերիկացի են։