image

Իրան ստացած է Ամերիկայի պատասխանը

Իրան ստացած է Ամերիկայի պատասխանը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասէր Քանաան Չաֆի ըսած է, որ Իրան սկսած է միջուկային գործարքի վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկներու մանրամասն քննարկումը։ Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Չորեքշաբթի երեկոյեան իրանական կողմը պատասխան ստացած է ԱՄՆ կառավարութենէն ԵՄ համակարգողի միջոցով: Մենք  սկսած ենք ամերիկեան առաջարկներու մանրամասն քննարկումը եւ լրացուցիչ կը տեղեկացնենք համակարգողին մեր կարծիքի մասին»,-ըսած է Չաֆին:

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն բազմիցս ազդարարած է Ուաշինկթընը՝ Թեհրանը ետ միջուկային համաձայնագրին մէջ վերադարձնելու պատասխանատւութեան կապակցութեամբ:

11 Օգոստոսին The Wall Street Journal-ը յայտնած էր, որ ԵՄ դիւանագէտները մշակած են Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի վերականգնման փաստաթուղթի վերջնական ձեւը: Այս տեղեկատւութեան համաձայն՝ ԵՄ-ն Թեհրանին զիջումներ առաջարկած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ-ի) կողմէ յայտնաբերուած միջուկային նիւթի հետաքննութեան հարցով, որու ծագումը իրանական կողմը չէ պարզաբանած։

Հրատարակութիւնը նշած է, որ Պրիւքսէլի առաջարկը քայլ է դէպի Թեհրան, քանի որ այս հետաքննութիւնը արեւմտեան կողմի առանցքային խնդիրներէն է։