image

Պոլսոյ նախկին քաղաքապետի «լրտեսութեան» գործով կասկածեալի հեռախօսին մէջ յայտնուած են ՀՀ նախկին նախագահի եւ նախկին վարչապետի հեռախօսահամարները

Պոլսոյ նախկին քաղաքապետի «լրտեսութեան» գործով կասկածեալի հեռախօսին մէջ յայտնուած են ՀՀ նախկին նախագահի եւ նախկին վարչապետի հեռախօսահամարները

Թուրքիոյ պետական ​​«Անատոլու» գործակալութիւնը հրապարակած է Իսթանպուլի նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի, Նեճաթի Օզքանի, Մերտան Եանարտաղ եւ Մելիհա Կէօչեքի դէմ յարուցուած «լրտեսութեան» գործի քննութեան մանրամասնութիւնները։

Հրապարակման համաձայն՝ կասկածեալ Հիւսէյն Կիւնը յայտարարած է «զղջալու» իրաւունքէ օգտուելու եւ հետաքննութեան հետ համագործակցելու մտադրութեան մասին: Հարցաքննութեան ընթացքին անոր հարցեր տրուած են՝ հեռախօսի ստուգման ժամանակ յայտնաբերուած հեռախօսահամարներուն մասին։

Հետաքննութեան տուեալներով՝ ցուցակին մէջ 34 մարդ եղած է՝ նախկին պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնցմէ 14-ը հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ եղած են։

Անոնց շարքին են Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթը, Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեսի որդին՝ Չեմի Փերեսը, Հայաստանի նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ 2017-2019 թուականներուն Միցեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օգնական Ֆիոնա Հիլը:

Կիւնը պարզաբանած է, որ նախկին պաշտօնեաներու եւ գործարարներու հեռախօսահամարներու առկայութիւնն իր հեռախօսին մէջ կը բացատրուի իր նախկին առեւտրային եւ գործարար գործունէութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի նախկին քաղաքապետ, գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» անդամ Էքրեմ Իմամօղլուն եւ ընդդիմադիր տեսակէտներ ներկայացնող «TELE1» հեռուստաալիքի գլխաւոր խմբագիր Մերտան Եանարտաղը կը մեղադրուին «լրտեսութեան» մէջ։

Հոկտեմբեր 23-ի առաւօտեան ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի (TEM) բաժնի աշխատակիցները ներխուժած են «TELE1-ի» շէնք եւ խուզարկած այն՝ այդ շարքին Եանարտաղի աշխատասենեակը։ Ապա լրագրողը ձերբակալուած է իր տան մէջ՝ «լրտեսութեան» մեղադրանքով։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Իսթանպուլի դատարանը քաղաքի ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, որ ձերբակալուած էր դատախազը վիրաւորելու համար, դատապարտած է 1 տարի 8 ամսուան ազատազրկման: