image

Ինչո՞ւ Վրաստանը մեր դաշնակիցը չէ. Գէորգ Հալէպլեան

Ինչո՞ւ Վրաստանը  մեր դաշնակիցը չէ. Գէորգ Հալէպլեան

Հայաստանը եւ Վրաստանը բնական դաշնակիցներ են ՝ թելադրուած պատմական ճակատագիրով։ Հայաստանի միակ քրիստոնեայ դրացին Վրաստանն է։ Երկու ժողովուրդներն ալ նոյն արտաքին թշնամիներէն տուժած են դաժանօրէն։ Այս երկու երկիրներու աշխարհագրական դիրքը, ռազմավարական խնդիրները պատմութեան ընթացքին հարկադրած են ստեղծել միասնական ճակատ ՝ արտաքին թշնամիներուն դիմակայելու,  մանաւանդ որ, մէկուն պարտութիւնը շատ յաճախ կը յանգեցնէր միւսին պարտութեան։

Սակայն, այս հիմնախնդիրը քննարկելու առիթով պէտք չէ մոռացութեան տալ այն անվիճելի իրողութիւնը, որ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունեցած է իր ազգային շահերը եւ մարտահրաւէրները։ ՈՉ ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՈՐՊԷՍ ՕՐԷՆՔ, ԵՐԲԵՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ ՉԻ ՄՏՆԷՐ, ԵԹԷ ԱՅԴ ՉԻ ԲԽԻՐ ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ։ Այս է պատմութեան զարգացման տրամաբանութիւնը։

Օսմանեան Կայսրութեան ստեղծումէն, Անդրկովկասի համար թուրք-պարսկական մրցակցութեան ժամանակաշրջանին, Վրաստանը դարեր շարունակ վարած է քաղաքականութիւն մը, որու հիմքը եղած է վրաց ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութենէն բխած հետեւեալ սկզբունքները ՝ 

Ա) Հայաստանի հետ, որպէս բնական դաշնակիցի, մշտապէս պահպանել բարիդրացիական յարաբերութիւններ։ Ռազմական վտանգի պահուն Հայաստանի հետ դաշինք կազմել միայն այն պարագային եթէ առկայ է յաղթանակի հաւանականութիւնը։

Բ) Եթէ Վրաստանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, պահպանել չեզոքութիւն։ Պաշտօնապէս կը վարուէր այն քաղաքականութիւնը, որ ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՓՐԿԵԼ ԻՐԵՆ, ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԿՈՐԾԱՆՈՒԻԼ ԿՈՐԾԱՆՈՒՈՂ ՀԱՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ։

Գ) Հայաստանի պատմութեան դժուարին պահերուն, օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն, օգուտներ քաղել հայ ժողովուրդի թշնամիներէն։

Դ) Եղած են նաեւ ժամանակներ, երբ օտագործելով Հայաստանի համար ստեղծուած ծանր իրավիճակը ՝ անկախութեան կորուստը, վրացիները նուաճած են հայկական տարածքներ եւ միացուցած են վրացական թագաւորութեան կազմի։ Իսկ աւելի ուշ ՝ Վրաստանը գրաւած է հայկական Ջաւախքը եւ Լոռին։ Բարեբախտաբար այսօր Լոռին ազատագրուած է, իսկ Ջաւախքը կը շարունակէ մնալ Վրաստանի կազմի մէջ։ Ահա այս սկզբունքներու հիման վրայ զարգացած են հայ-վրացական պատմական յարաբերութիւնները։

Հայ-վրացական դաշինքի եւ յարաբերութիւններու խնդիրներու քննարկման առիթով պէտք չէ անտեսել այն կարեւոր հանգամանքը, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը նուաճած էր հայկական լեռնաշխարհը եւ ցանկութիւն ունէր զայն դարձնել իր սեփական հայրենիքը եւ ոչ թէ Վրաստանի տարածքը։ Անտարակոյս, թուրքերը նպատակ ունէին նաեւ Վրաստանէն տարածքներ գրաւել, սակայն թուրք-վրացական յարաբերութիւնները չունէին այն բախտորոշ եւ ճակատագրական բնոյթը, ինչպիսին էին հայ-թուրքական յարաբերութիւնները։ Վրացիներու վերոյիշեալ քաղաքական գիծը աւելի յստակացաւ յատկապէս թուրքիզմի եւ փանթուրքիզմի գաղափարախօսութիւններու ստեղծումէն յետոյ, երբ խնդրոյ առարկայ դարձած էր հայ ժողովուրդի լինելութեան հարցը։։ Վրացիները թուրք-հայկական հակամարտութիւններու հարցով մշտապէս չափազանց զգոյշ քաղաքականութիւն վարած են։

Խօսինք օրինակներով։ 1918 թուականի Յունուարին թուրքերը կը յարձակին Անդրկովկասի վրայ, գրաւելով Արեւմտեան Հայաստանը կը ներխուժեն Անդրկովկաս։ Ատրպէյճանի իշխող Մուսաւաթականները բացայայտօրէն կը պաշտպանէին թուրքերուն։ Վտանգի տակ էր Հայաստանի եւ Վրաստանի գոյութեան հարցը։ Նախնական բանակցութիւնները արդիւնք չտուին, Անդրկովկասեան Սէյմը պատերազմ յայտարարեց Թուրքիոյ դէմ։ Ատրպէյճանը բողոքեց այդ ոդոշումը։ Բնականաբար, պատերազմի ծանրութիւնը ինկաւ հայերուն եւ վրացիներուն վրայ։ Հայկական եւ վրացական զօրքերը չկարողացան դիմադրել թուրքական զօրքին եւ անոնք անարգել առաջ կը շարժուէին։

Վրացիները, ստեղծուած այս ծանր իրավիճակին մէջ սկսան համագործակցիլ Գերմանիոյ հետ, յաջողեցան ստանալ անոր պաշտպանութիւնը, դուրս եկան Անդրկովկասեան Սէյմէն եւ Մայիս 26-ին հռչակեցին Վրաստանի անկախութիւնը, Հայաստանին միայնակ թողնելով Թուրք զորքին դիմաց։

Մայիս 25-ին, անկախութիւն յայտարարելէ մէկ օր առաջ, Վրաստանի ղեկավար ՝ Ժորտանիա կը ժամանէ Պաթում եւ այնտեղ բանակցութիւններ կը վարէ թուրք պատուիրակութեան հետ։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետներէն Ալեքսանտր Խատիսեանի յուշերէն կը կարդանք հետեւեալը.-

“Տեղեկանալով Ժորտանիայի գալու նպատակին մասին, ես գացի անոր մօտ անմիջապէս։ Անոր հետ էր փրոֆեսոր Աւալովը, նոյնպէս վրացի։ Ժորտանիան պատմեց Թիֆլիսի մէջ իշխող տրամադրութիւններու մասին, եւ հաղորդեց որ եթէ հայերը շարունակեն պատերազմիլ թուրքերու դէմ, անոնք սանձարձակօրէն կը շարունակեն իրենց առաջխաղացքը, եւ յայտնեց թէ այդպիսի պայմաններուն մէջ վրացիներուն ուրիշ բան չի մնար քան յայտարարել Վրաստանի անկախութիւնը։”

-“ Ինչպէ ՞ս, բացականչեցի ես. Չէ՞ որ մենք եւ դուք միասին պատերազմի մէջ ենք, ընդհանուր պատերազմի մէջ, ընդհանուր թշնամիի դէմ։ Ինչպէ ՞ս կրնաք լքել մեզ, երբ մենք դեռ արիւն կը թափենք։ Միթէ ՞ ազնիւ բան է այս։”

-“ Ազնիւ բան է այն, ինչ որ օգտակար է ժողովուրդին, պատասխանեց Ժորտանիան:”

-“ Այո, ըսի ես, իսկ մե ՞նք։”

-“Մենք չենք կրնար խեղդուիլ ձեզի հետ միասին, պատասխանեց Ժորտանիան։ Մեր ժողովուրդը կ՚՚ ուզէ փրկել այն, ինչ որ կրնայ։ Դուք ալ պարտաւոր էք համաձայնութեան լեզու մը գտնել թուրքերուն հետ։ Ուրիշ ելք չունիք:”

Ինչպէս կը տեսնենք, Ժորտանիայի քաղաքականութիւնը լիովին կը համապատասխանէր վրացիներու ազգային գաղափարախօսութեան, վրացիներու ազգային շահերուն։

Արդի հայ ազգային- քաղաքական միտքը հայոց ազգային գաղափարախօսութեան ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիրները մշակելու հանգրուանին արդեօ ՞ք վերոնշեալ պատմական հանգամանքներէն դասեր պէտք էր քաղած ըլլար, մերօրեայ արհաւիրքներէն, մեր գոյութենական սպառնալիքներէն խուսափելու, նաեւ իրատեսական եւ ճկուն դիւանագիտութիւն իրականացնելով ՝ ընդհուպ այլընտրանքային աշխարհաքաղաքական ուղղութիւն որդեգրելով, յանուն կայուն եւ ապահով ապագայի, յանուն մեր ազգի եւ պետականութեան գոյատեւման։