image
Հրատապ լուրեր:

«Ալեանս» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն

«Ալեանս» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ուժը կորսնցուցած ճանչցած է «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութեան ընտրական ցուցակի գրանցումը։ Այս մասին յայտնած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ առաջիկայ ընտրութիւններուն 13 համարի քուէաթերթիկ պիտի չըլլայ։ 

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը մայիս 3-ին մերժած էր որպէս պատգամաւորի թեկնածու գրանցել «Ալեանս» կուսակցութեան ընտրական ցուցակի առաջին համար Տիգրան Ուրիխանեանին:

Ան փաստաթուղթ չէր ներկայացուցած, որ վերջին 4 տարին միայն ՀՀ քաղաքացի հանդիսացած է եւ Հայաստանի մէջ բնակած է։

Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները յունիս 7-ին են։ Ընտրութիւններուն առաջադրուած է 19 քաղաքական ուժ, այժմ արդէն՝ 18: