Հանրապետութեան օրուան նուիրուած միջոցառումներու մասնակիցներու անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով՝ մայիս 26-էն 28-ը շարք մը փողոցներու մէջ նախատեսուած են երթեւեկութեան սահմանափակումներ։ Այս մասին յայտնած են ներքին գործոց նախարարութենէն։
Մայիս 26-ին՝ ժամը 7։00-էն 15։00՝ պիտի սահմանափակուի երթեւեկութիւնը Աթենքի փողոց-Մաշտոցի պողոտայ-Ամիրեան փողոց հատուածին մէջ, ինչպէս նաեւ փակ պիտի ըլլայ Տիգրան Մեծի պողոտայ-Մհեր Մկրտչեանի փողոց-Խորենացիի փողոց-Իտալիայի փողոց - նախկին «Մայրաքաղաքային» գունդի տարածք հատուածը,
ժամը 10։00-էն 15։00-ը` փակ պիտի ըլլայ Քրիստափորի փողոց- Տիգրան Մեծի պողողոտայ խաչմերուկը, Աթենքի փողոցէն՝ Տիգրան Մեծի պողոտայ - Ագաթանգեղոսի փողոց - Գրիգոր Լուսաւորչի փողոց - Արգիշտիի փողոց- Աթենքի փողոց հատուածը,
Մայիս 28-ին՝ ժամը 07։00-էն 15։00-ը փակ պիտի ըլլան նշուած բոլոր ճանապարհահատուածները, իսկ Հանրապետութեան հրապարակ-Տիգրան Մեծ պողոտայ - Քրիստափոր խաչմերուկ հատուածը՝ մինչեւ մայիս 29-ը՝ ժամը 1։00։
Մայիս 28-ին՝ Հանրապետութեան օրուան առթիւ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերջին տարիներուն ձեռք բերուած ռազմական սարքերու ցուցադրութիւն։