Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած է, որ Թեհրան կը քննարկէ Միացեալ Նահանգներու պատասխանը իրենց վերջին առաջարկին՝ կը հաղորդէ Nour News-ը։
Գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը Փաքիստանի միջոցաւ հաղորդագրութիւններ կը փոխանակեն առաջարկուող հրադադարի փաստաթուղթի ձեւակերպման վերաբերեալ։
Աւելի վաղ Tasnim լրատուական գործակալութիւնը, յղում կատարելով տեղեկացուած աղբիւրին, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգները Փաքիստանի միջոցաւ փոխանցած է Իրանի կողմէ աւելի վաղ ուղարկուած առաջարկներուն պատասխանը։
Թեհրան կը քննարկէ բնագիրը, սակայն պատասխանը տակաւին պատրաստ չէ՝ նշած է գործակալութեան զրուցակիցը։
Ան ընդգծած է, որ Թեհրանի մէջ փաքիստանցի միջնորդը կը ձգտի մօտեցնել Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բնագիրները, սակայն տակաւին ոչինչ վերջնականապէս համաձայնեցուած է։