Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն խիզախ ճանապարհ կը համարէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, որուն նաեւ կ՚աջակցի Միացեալ Նահանգները։ Այս մասին Ռուպիոն յայտարարած է Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին։
«Ուրախ եմ, որ այսօր այստեղ եմ, որպէսզի շարունակեմ առաջ տանիլ նախագահ Թրամփի եւ վարչապետի (խմբ․ նկատի ունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը) ապագայի տեսլականը։ Սա խիզախ ճանապարհ է, խիզախ ուղի՝ դէպի խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ, որ հաստատուած էր անցեալ տարուան օգոստոս 8-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Ինծի համար պատիւ է այսօր հոս միանալ արտաքին գործոց նախարարին (խմբ․ նկատի ունի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը)՝ ստորագրելու այս երկկողմ համաձայնագիրը՝ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տանող երթուղիի կամ, ինչպէս կը կոչուի՝ TRIPP-ի մասին։ Այս համաձայնագիրը կը նշանաւորէ այս պատմական ուղին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչելու եւ, անկեղծօրէն, ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը առաջ մղելու ու բարեկեցութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ մեր այսօրուան ամենամեծ քայլը»,- նշած է Ռուպիոն։