Լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնն այն մասին, որ Իրանը պատրաստ է հարստացուած ուրանը դուրս բերելու երկրի տարածքէն, կեղծ է, կը հաղորդէ իրանական Tasnim գործակալութիւնը։
«Գործակալութեան կողմէ հարցի ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ սէուտական այս լրատուամիջոցի տուեալները, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն վերաբերող անոր միւս լրատուական հաղորդագրութիւնները, կեղծ են»,- մեկնաբանած է Tasnim գործակալութիւնը։
Այն նաեւ նշած է, որ «յուշագիրի բնագրին մէջ այս պահուն գոյութիւն չունին որեւէ առաջարկներ՝ ուրանը դուրս բերելու Իրանի պատրաստակամութեան մասին»։
Միեւնոյն ժամանակ, գործակալութիւնը չէ հաստատած, թէ արդեօք Իրանը պատրաստ պիտի ըլլա՞յ դուրս բերելու ուրանը, երբ Թեհրանն ու Ուաշինկթընը անցնին իրանական միջուկային ծրագիրին վերաբերող հարցերու քննարկման։ Ինչպէս նշած էր Իրանի ԱԳՆ-ն, կողմերը կ՚աշխատին հակամարտութեան դադրեցման մասին համաձայնագիրի բնագրին վրայ։ Երբ այդ մէկը մշակուի, Իրանն ու ԱՄՆ-ն պիտի անցնին իրանական միջուկային ծրագիրի քննարկման։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Al Arabiya պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով անանուն բարձրաստիճան աղբիւրներու, պնդած էր, որ Իրանը, ԱՄՆ-ի հետ հակամարտութեան կարգաւորման շրջածիրէն ներս, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր տարածքէն դուրս բերելու բարձր հարստացուած ուրանը՝ պայմանով, որ այն յանձնուի Չինաստանին։