Օրերս կայացաւ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ վարժարաններու հայերէնի քերականութեան համատեղ մրցոյթը։
Հայոց լեզուն մեր ինքնութեան գլխաւոր հիմքն է, իսկ քերականութիւնը՝ այդ լեզուն ճիշդ ու անաղարտ պահելու կանոնագիրքը։
Նշենք, որ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ վարժարաններու հայերէնի քերականութեան համատեղ մրցոյթին մասին «Արեւելք»ին յղուած թղթակցութիւնը պատրաստած է ՝ Նորա Թազեանը։
Կայացաւ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ վարժարաններու հայերէնի քերականութեան համատեղ մրցոյթը
Հայոց լեզուն մեր ինքնութեան գլխաւոր հիմքն է, իսկ քերականութիւնը՝ այդ լեզուն ճիշդ ու անաղարտ պահելու կանոնագիրքը։
Ահաւասիկ հինգերորդ տարին ըլլալով երկու քոյր կրթօճախներու՝ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարաններու միջեւ հաստատուած գեղեցիկ աւանդութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ՝ համախմբելով վեցերորդ կարգի աշակերտները հայերէն լեզուի քերականական զարգացման իւրայատուկ մրցումի մը շուրջ։
Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ի առաւօտեան , վարժարանիս Ֆարաճեան սրահէն ներս կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը։
Աշակերտները բաժնուած էին եօթը խմբակներու , իւրաքանչիւր խմբակ կը բաղկանար ութ հոգիներէ։ Նախակրթարանի բաժնի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեանի ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք , բացման խօսքով հանդէս եկաւ վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Սէրլի Իշխանեան, որ յայտնեց, թէ ամէն տարի տարբեր զարգացման մրցումներու միջոցով մենք առիթը կ՛ունենանք հանդիպելու, իրարու հետ ծանօթանալու, միասին սորվելու եւ մեր կարողութիւնները բացայայտելու։ Այս տարի ալ առիթը պիտի ունենանք մէկտեղելու նախակրթարանի տարիներուն մեր սորված լեզուական ու քերականական գիտելիքները, միաժամանակ իրարու հետ համագործակցելու ու նոր բարեկամութիւններ ստեղծելու։
Մրցումի ընթացքին տեղի ունեցան թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական ասմունքներ , ինչպէս՝ «Հին Օրհնութիւն», «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Անդաստան», «Մի՛ խառնէք մեզ» եւ «Արարատին» բանաստեղծութիւնները։
Աշակերտները աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերեցին՝ խանդավառութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պատասխանելով բոլոր հարցումներուն։
Մրցումին ընթացքին դատական կազմը անաչառ կերպով կատարեց գնահատումները։ Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Խօսք առին 2 վարժարաններու տնօրէնները, որոնք արժեւորեցին սոյն նախաձեռնութիւնը, որ արդէն իսկ հինգ տարիէ ի վեր կը նպաստէ ոչ միայն գիտելիքի զարգացման, այլ նաեւ աշակերտներուն միջեւ գեղեցիկ յարաբերութիւններու ստեղծման։ Տարիներու ընթացքին ան արժեւորուեցաւ բոլորին կողմէ՝ դառնալով սպասուած եւ սիրուած կրթական աւանդոյթ մը։
Անոնք գնահատական խօսքեր ուղղեցին հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն` Տիկին Նորա Թազեանին եւ Տիկին Մարգրիտ Ազատեանին, անոնց տարած ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքին համար, եւ մաղթեցին ուժ ու կորով յարատեւելու եւ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, որպէսզի միշտ կազմակերպեն նման յաջող ձեռնարկներ։
Ապա դատական կազմին կողմէ յայտարարուեցաւ յաղթող խմբակին անունը, որուն անդամները ստացան արժէքաւոր նուէրներ։ Յիշենք նաեւ, որ բոլոր մասնակցողները ստացան յուշանուէրներ։
Այս նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ մայրենի լեզուի ուսուցումը կրնայ ըլլալ ոչ միայն օգտակար, այլ նաեւ հաճելի ու միաւորող փորձառութիւն։
Մրցումին աւարտին յիշատակի խմբային նկար մը նկարուելէ ետք, բոլորը հեռացան նոր գիտելիքներով, գեղեցիկ տպաւորութիւններով եւ հայերէնը աւելի սիրելու ոգիով։





