image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխիքը ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակն է. Փաշինեան

Հայաստանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխիքը ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակն է. Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան երաշխիքը ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակն է։

Նիկոլ Փաշինեանն այդ մասին ըսած է Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ բնակիչներու հետ հանդիպմանն ունեցած ելոյթի ժամանակ։

«Մեր բանակը մեզ առաջին հերթին խաղաղութեան համար է պէտք։ Մենք պատրաստւում ենք խաղաղութեան, որովհետեւ հասկանում ենք, որ ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակը շատ կարեւոր է խաղաղութեան համար։ Ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակ չունեցող երկիրը կարող է գայթակղիչ լինել ագրեսիայի համար։ Հետեւաբար, մենք միշտ պէտք է ունենանք ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակ, բայց որի խնդիրը պէտք է լինի Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի պաշտպանութիւնը։ Եւ սա է անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխիքը, սա է երաշխիքը, որ մենք մեր պետութիւնը սերնդեսերունդ կը փոխանցենք»,-ըսած է Փաշինեանը։