image

Ըստ Ռուպիոյի տագնապի լուծման համար Փաքիստանեան պատուիրակութիւն մը Թեհրան պիտի ժամանէ 

Ըստ Ռուպիոյի տագնապի լուծման համար Փաքիստանեան պատուիրակութիւն մը Թեհրան պիտի ժամանէ 

 

Փաքիստանի ներկայացուցիչները մէկ օրուան ընթացքին պիտի ժամանեն Թեհրան՝ աջակցելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան աւարտը ապահովելու ջանքերուն։ Այս մասին Մայամիի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։

«Կը կարծեմ, որ մենք որոշ չափով առաջընթաց արձանագրած ենք։ Պիտի ըլլան քանի մը այցեր։ Ինչպէս կ՚ենթադրեմ, փաքիստանցիները այսօր պիտի մեկնին Թեհրան։ Յոյս ունիմ, այդ թոյլ պիտի տայ առաջ շարժիլ»,- աւելցուցած է ան՝ խօսելով Իրանի հետ համաձայնութիւններու հասնելու փորձերուն մասին։

«Նախագահը կը նախընտրէ լաւ համաձայնութիւն կնքել։ Ան միշտ ալ այդ մէկը նախընտրած է։ Եթէ ասիկա յաջողի, հիանալի պիտի ըլլայ։ Չեմ ըսեր, թէ սա անպայման պիտի յաջողի։ Բայց պիտի նշեմ, որ մենք պիտի ընենք ամէն հնարաւոր բան՝ հասկնալու համար, թէ արդեօք այդ մէկը կարելի՞ է։ Սակայն նախագահը յստակ հասկցուցած է, որ եթէ մենք չկարենանք լաւ համաձայնութիւն կնքել, ան ունի նաեւ այլ տարբերակներ։ Չեմ ըսեր, թէ որոնք են այդ տարբերակները, բայց բոլորը զանոնք գիտեն»,- շեշտած է Ռուպիոն։