Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 2025-ի յունուար 9-ը սգոյ օր յայտարարած է երկրի նախկին ղեկավար Ճիմի Քարթըրի մահուան կապակցութեամբ։
Պայտընի հրամանի համաձայն՝ երկրի եւ արտերկրի պետական հաստատութիւններուն մէջ 30 օրով պիտի իջեցուին ազգային դրօշները։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած էր Քարթըրի մահուան կապակցութեամբ՝ անոր անուանելով «ականաւոր առաջնորդ, պետական գործիչ եւ մարդասէր»։
Քարթըրի հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։
Միացեալ Նահանգներու 39-րդ նախագահ (1977-1981) Ճիմի Քարթըր դարձած է Սպիտակ տան առաջին ղեկավարը, որ հասած է 100 տարեկան: Քարթըրի վարչակազմի աշխատանքը կը բնութագրուէր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) հետ յարաբերութիւններու վատթարացմամբ։ Իր պաշտօնավարման ժամկէտն աւարտելէ ետք ան զբաղուած է բարեգործութեամբ։ Իր ասպարէզի ընթացքին քաղաքական գործիչը բազմաթիւ մրցանակներ ստացած է, այդ շարքին՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ (2002 թ.)։