image

Սկիզբ դնելով

Սկիզբ դնելով

AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեան կը գրէ՝

Ամէն տարի՝ յունիսին, մենք կ՚իրականացնենք Աւետիսեան դպրոցի աւարտական ​​հանդիսութիւնը եւ կ՚անդրադառնանք, որ շրջանաւարտութենէն բացի, կեանքն ինքնին նաեւ նոր սկիզբի մասին է։

Այս ամիս շատ ընտանիքներ եւ անհատներ յայտնուեցան նոր իրողութիւններու մէջ: Բոլորովին նոր մասնագիտութիւններ, վերականգնուած ապրուստի միջոցներ, վերանորոգուած տուներ... Մենք տրամադրեցինք քանի մը փոքր դրամաշնորհներ՝ օգնելու մարդոց աւելի մօտենալու իրենց երազանքներուն:

Տաղանդաւոր արուեստագէտ մը կ՚ուզէ իր երաժշտութեան մէջ արցախեան բարբառ կիրառել։ Արցախցի եւս մէկ աղջիկ կը ստանայ AMAA-ի աջակցութիւնը՝ Քոլումպիայի համալսարանին մէջ ուսանելու համար (պայմանաւ, որ վերադառնայ՝ ծառայելու հայրենիքին. ան համաձայնեցաւ): Մենք օգնեցինք Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին՝ սկսելու իր առաջին համերգը Աթլանթեան ովկիանոսէն այն կողմ՝ նոր զարկ տալու հայկական մշակոյթին:

Ինչպէս մեր յարգարժան խորհուրդի անդամ եւ ընկեր Փամելա Աւետիսեանը նշած էր շրջանաւարտներուն ուղղուած իր նամակին մէջ՝ «Չեք ստորագրելը (կամ դրամաշնորհ տալը) հեշտ է, այլ բան է ձեր ժամանակն ու հոգատարութիւնը մարդոց հետ բաժնեկցիլը»։

Մենք կ՚ընենք այս ամէնը, քանի որ ունինք այդ ընելու աստուածային պատասխանատւութիւն:

Շնորհակալութիւն մեր ըրածի հանդէպ վստահութեան համար:

 

Երախտագիտութեամբ,
Արէն Տէյիրմենճեան

AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն

 

 

Commencing

In June of every year, we hold Avedisian School’s graduation ceremony and are reminded that, besides our graduates, life itself is also about commencements. 

This month, many families and individuals commenced into new realities. Brand new vocations, rejuvenated livelihoods, renovated homes...We gave out several small grants to help people get closer to their dreams. 

An upcoming artist wants to use Artsakh dialect in her music. Another girl from Artsakh is getting AMAA’s help to study at Columbia University [with the condition that she comes back to serve the Homeland; she agreed]. We aided the Symphonic Orchestra commence with its first concert across the Atlantic to reignite Armenian culture. 

As our esteemed board member, and friend, Pamela Avedisian noted in her letter to the graduates: Signing a cheque [or giving out a grant] is easy, it’s a different thing to give people of your time and care.

We do this because we have a divine responsibility to do so.

Thank you for your trust in what we do.

 

With gratitude,
Aren Deyirmenjian

Armenia Representative