image

Արաբկիրի թաղապետի նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանք

Արաբկիրի թաղապետի նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանք

Դատարանի որոշմամբ Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Արամ Ազատեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է տնային կալանքը, իսկ անոր երկու տեղակալները կալանաւորուած են։

Հակափտածութեան դատարանի մամուլի խօսնակ Արմինէ Նովրուզեանը յայտնած է, որ Արամ Ազատեանի նկատմամբ կիրառուած է երկու ամիսով տնային կալանք եւ 30 մլն դրամ գրաւ։ Անոր տեղակալ Գեղամ Կարապետեանի նկատմամբ խափանման միջոց կիրառուած է մէկ ամիսով կալանքը, միւս տեղակալ Դաւիթ Բալասանեանի նկատմամբ` երկու ամիսով։

Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեանը կը տեղեկացնէ, որ Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմին առնչուող քրէական վարոյթը նախաձեռնուած է Պաշտօնատար անձի կողմէ լիազօրութիւնները չարաշահելու, կաշառք ստանալու յօդուածներով։ Անոր խօսքով՝ քրէական գործի շրջածիրէն ներս մեղադրանքներ ներկայացուած է 8 անձի, այդ շարքին՝ Երեւան քաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանի աշխատակազմի 3 պաշտօնատար անձանց: Նշուած բոլոր անձինք ձերբակալուած են:

Յիշեցնենք, որ յուլիս 3-ին քննչական կոմիտէն ազգային անվտանգութեան ծառայութեան օժանդակութեամբ Արաբկիրի թաղապետարանէն ներս քննչական գործողութիւններ իրականացուցած էր, որու հետեւանքով ձերբակալուած էին թաղապետն ու անոր երկու տեղակալները։