Օրերս, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին:
Այս մասին կը կարդանք՝ «Ազդակ»էն։
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, երկուշաբթի, 24 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին:
Բացման խօսքը արտասանեց Նանօր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան, որ ըսաւ, թէ Զոհրապ Եագուպեան երիտասարդ տարիքին` 70-ականներու սկիզբը, յանդգնութիւնը ունեցաւ իր ընկերներուն հետ հրապարակ գալ` նոր ուղիներ կերտելու կամքով ու տեսլականով եւ նոր շունչով ու ըմբռնողութեամբ` ինքնուրոյն նախաձեռնութիւններով ներդրում ունեցաւ թատերական նոր միջավայրի մը ստեղծման:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ Եագուպեան շատ քիչ առիթ ունեցաւ գործակցելու թատերական եւ մշակութային միութիւններու հետ, առանց միութեան մը հովանաւորութիւնը վայելելու կամ միութենական պատկանելիութիւն մը ունենալու` իր երկարամեայ գործունէութիւնը տարաւ համարեա՛ առանձին եւ յաջողեցաւ պահել իր իւրայատուկ ոճը եւ անզուգական դրոշմ ձգել թատերական ասպարէզին մէջ:
Նանօր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան ըսաւ, որ Զոհրապ Եագուպեան ունեցաւ բազմաշերտ եւ բեղուն գործունէութիւն` շեշտելով. «Թատերական այս հարուստ եւ բեղմնաւոր աշխատանքը Զոհրապ Եագուպեան կրցաւ իրագործել` շնորհիւ իր տաղանդին հաւատացող երիտասարդներու, գործակիցներու եւ բարեկամներու, որոնք առանց զլանալու` զօրակցեցան եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացին անոր կոչումին եւ առաքելութեան»:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Զոհրապ Եագուպեանի կեանքն ու յատկապէս թատերական գործունէութիւնը ներկայացնող: Անոր մասին տրուած վկայութիւններուն կարգին իր վկայութիւնը տուաւ հանրածանօթ դերասան Ռֆաաթ Թարապային:
Գեղարուեստական բաժինով Րաֆֆի Չիլինկիրեան նուագեց տուտուկի վրայ:
Օրուան առաջին բանախօսն էր լիբանանահայ դերասան եւ բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունին, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Զոհրապ Եագուպեանին թատերական գործունէութիւնը` նշելով, որ ան Լիբանանի մէջ բեմադրած է շուրջ 50 թատերախաղեր` հայերէն ու արաբերէն լեզուներով, գործակցած է լիբանանահայ անուանի բեմադրիչներու եւ դերասաններուն հետ, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ իրենց անունը կերտած արուեստագէտներու հետ, ինչպէս` Անթուան Քըրպաժ, Լէյլա Քարամ, Իպրահիմ Մարաաշլի, Քերիմ Ապու Շաքրա եւ ուրիշներ: Ան մէջբերումներ կատարեց լիբանանահայ տարբեր թերթերու մէջ Զոհրապ Եագուպեան դերասանին ու բեմադրիչին մասին գրուած վկայութիւններէն, ուր յատկապէս շեշտը կը դրուի այն երեւոյթին վրայ, որ Եագուպեան միշտ ալ մնաց հրապարակի վրայ, իր բոլոր կարողութիւնն ու կարելիութիւնները դրաւ ի սպաս լիբանանահայ թատրոնի ծաղկման ու բարգաւաճման, նոյնիսկ` պատերազմի օրերուն, երբ նօսրացաւ թատերական հրապարակը, եւ շատեր ակամայ հեռացան ու քաշուեցան աշխատանքէ, ան մնաց բեմին վրայ: Թերթերը կը վկայեն, որ տաղանդաւոր դերասան-բեմադրիչը 70-ականներէն մինչեւ 90-ականներու աւարտը մնայուն ներկայութիւն եղաւ բեմերուն վրայ, ան բեմադրեց մեր դասական թարերգութիւններէն մինչեւ երգիծական թատերախաղեր` արժանանալով թատերասէրներու գնահատանքին:
Իր խօսքի եզրափակիչ մասով Յարութիւն Գնդունին ըսաւ. «Զոհրապ Եագուպեան ապրեցաւ 74 տարի, որուն 55 տարին, այսինքն` իր ամբողջ կեանքը, ի սպաս դրաւ թատրոնին, 35 տարիներ լիբանանահայ բեմին` բեմադրելով հայերէն թատերախաղեր, իսկ 14 տարի ալ բեմադրութիւններ ըրաւ տեղացի արաբ հանդիսատեսին համար:
«Ան գնահատուեցաւ, նաեւ քննադատուեցաւ, ինչպէս` ոեւէ արուեստագէտ, բայց երբեք յուսահատիլ չգիտցաւ, ապրեցաւ թատրոնով եւ մնաց պատնէշի վրա:
«Յարգելի՛ Զոհրապ, լիբանանահայ բեմն ու պատմութիւնը միշտ պիտի յիշեն քեզ»:
Անկէ ետք Նանօր եւ Նայիրի Առնէլեաններ դաշնակի եւ սրինգի վրայ նուագեցին:
Երկրորդ բանախօսը` Զ. Եագուպեանի բարեկամ Թորգոմ Ջանան, անդրադարձաւ անոր հետ առաջին ծանօթութեան ու իրենց միջեւ ստեղծուած սերտ կապին` թափանցելով ոչ միայն արուեստագէտին էութեան մէջ, այլ նաեւ լուսարձակի տակ բերելով Եագուպեանի մարդկային գիծերը` խղճամիտ, կարեկից մարդը, յուսահատիլ չճանչցող ու կորովը միշտ պահող անձնաւորութիւնը. «Կրնար հազար ճիգերու շահը հարուածով մը կորսնցնել եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու` ամէն բան ծայրէն վերսկսիլ կրկին: Բոլոր դժուարութիւններուն մէջ կենսուրախ կը մնար եւ, ամէնէն կարեւորը, կը վարակէր շուրջինները, կ՛ուզէր, որ անոնք ուրախ ըլլան», հաստատեց Ջանան:
Թատերական գործունէութեան մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ 1970-ականներու վերջաւորութեան Զոհրապ Եագուպեան Պուրճ Համուտի մէջ համախմբեց զանազան խառնուածքներ ունեցող տղաք եւ աղջիկներ, որոնց մէջ գտաւ իր ինքնութիւնը, մտածումի կաղապարներէն անդին` յուզումներու, մարդկային զգացական կապերու հանգոյցին մէջ:
Ըստ անոր, Եագուպեան տիպար պուրճհամուտցի էր` իր խօսակցութեամբ, անմիջականութեամբ, նիստ ու կացով, կենսասիրութեամբ, ճարտարութեամբ, աշխատասիրութեամբ, ծանօթութիւններով. տենդոտ, միշտ շարժումի մէջ, մանաւանդ` հայրենասիրութեամբ եւ Պուրճ Համուտին կապուածութեամբ:
«Պուրճ Համուտ 78» ներկայացումին մասին խօսելով` Թորգոմ Ջանան նշեց, որ ոմանք օրին քննադատեցին այդ գործը. «45 տարի ետք, երբ այժմ յետադարձ հայեացք մը կ՛ընեմ, կը խորհիմ, որ այդ ներկայացումը Զոհրապն է` իր էութեան, ներաշխարհի, արեւելումի բոլոր շերտերով, երանգներով: Զոհրապ հոն իր տարերքին մէջն էր, ինքնութիւնը գտած էր այդ գործին մէջ, թատերական կաղապարներէն անդին պուրճհամուտցիի` Ամանոսէն, Նոր Սիսէն, Նոր Մարաշէն, Արագածէն, քեմփէն եկողներու յուզումներու, մարդկային զգացական կապերու, անմիջականութեան, հարազատութեան հանգոյցին մէջ»:
Բանախօսը վկայեց, որ «Պուրճ Համուտ 78»–ն ներկայացուեցաւ 44 անգամ, լեփ լեցուն սրահով, որովհետեւ մարդիկ իրենք զիրենք կը տեսնէին բեմին վրայ` իրենց հարցերը, իրենց խօսակցութիւնները, իրենց առօրեան`ամենայն պարզութեամբ, հարազատութեամբ: Ներկայացման մէջ չկային վերացական, մտացածին, շինծու, հոգեկան ախտերէ տառապող անձեր, այլ` կենդանի մարդիկ, որոնք մենք ենք Պուրճ Համուտի մէջ: Ջանան ըսաւ, որ «Պուրճ Համուտ 78»-ի երգի կրկներգը ինքնին ներկայացման ուղերձն է, ուր Պուրճ Համուտի հայկական ոստան ըլլալը կը շեշտուի:
Խօսք առաւ Լիբանանի դերասաններու սենտիքայի նախագահ Նաամաթ Պատաուի, որ լուսարձակի տակ առաւ Զոհրապ Եագուպեանին հետ գործակցութիւնը, անոր ունեցած դերակատարութիւնը լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայութեան նկարագրային գիծերուն, շեշտեց, որ հայը Լիբանանի մէջ միշտ կերտեց, շէնցուց, զարգացուց, իր ներդրումը ունեցաւ տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս է պարագան Զոհրապ Եագուպեանին, որ լիբանանահայ շրջանակէն դուրս գալով թափանցեց եւ իր տեղն ու արժէքը ունեցաւ լիբանանեան իրականութեան մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին շնորհակալական սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Զ. Եագուպեանին քոյրը: