Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Սիսին միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է ապահովելու, որ պաղեստինցիները Կազայի հատուածին մէջ չտեղահանուին պատերազմէն աւերուած իրենց տարածքներէն, յայտնած է Agence France-Presse (AFP) գործակալութիւնը:
«Ես... կոչ կ՚ընեմ միջազգային հանրութեան անյապաղ երկարաժամկէտ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Կազայի հատուածին եւ վերջ տալ Իսրայէլի պաշարման», -ըսած է Սիսին:
Ըստ AFP-ի՝ ան նաեւ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան «դադրեցնելու որեւէ փորձ՝ պաղեստինցիներուն ստիպելու հարկադրաբար լքել իրենց հողերը»:
Սիսիի մեկնաբանութիւնները հնչած են այն բանէ ետք, երբ իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի յայտարարած է, որ «վերահսկողութիւն» ձեռք բերած է Կազայի հատուածի եւ Եգիպտոսի սահմանի երկայնքով ձգուող Ֆիլտելֆիի ռազմավարական միջանցքի վրայ: