ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է, համաձայն որու՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յուլիս 7-9-ին պիտի գործուղուի Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ մասնակցելու Եւրասիական տնտեսական միութեան արդիւնաբերական քաղաքականութեան խորհուրդի 6-րդ նիստին:
«Համաձայն «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 5-րդ մասի`
1. Հայաստանի Հանրապետութեան էկոնոմիկայի նախարար Գէորգ Պապոյեանին 2024 թուականի յուլիսի 7-9-ը գործուղել Ռուսաստանի Դաշնութիւն (Եկատերինբուրգ)՝ «Իննոպրոմ» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի շրջանակներում Եւրասիական տնտեսական միութեան արդիւնաբերական քաղաքականութեան խորհրդի 6-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով»,-ըսուած է որոշման մէջ։