image
Հրատապ լուրեր:

Հորմուզի նեղուցին մէջ խոցուած է եւս մէկ բեռնատար նաւ

Հորմուզի նեղուցին մէջ խոցուած է եւս մէկ բեռնատար նաւ

 

Հորմուզի նեղուցին մէջ «անյայտ արկի» հարուածէն վնասուած է եւս մէկ բեռնատար նաւ։ Ինչպէս կը հաղորդէ  BBC-ին, այս մասին յայտնած է Միացեալ Թագաւորութեան ծովային առեւտուրի գործողութիւններու ծառայութիւնը (UKMTO

Նշուած է, որ նաւուն անձնակազմը չէ տուժած եւ այժմ ապահով վիճակի մէջ է։

Նաւը գտնուած է Տուպայէն 93 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք։

Աւելի վաղ տեղեկութիւններ տարածուած էին Օմանէն հիւսիս գտնուող այլ բեռնատար նաւու մը վրայ յարձակման մասին։ Յարձակման հետեւանքով հրդեհ բռնկած էր, իսկ նաւուն անձնակազմը սկսած էր տարհանուիլ։