image

Հորմուզի նեղուցի ականազերծումը վեց ամիսէ՞ն

Հորմուզի նեղուցի ականազերծումը վեց ամիսէ՞ն

 

ԱՄՆ Փենթակոնը կը կարծէ, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային ականազերծման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վեց ամիս։ Այս մասին Associated Press լրատուական գործակալութեան յայտնած է թեմային ծանօթ աղբիւրը։

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեաները նեղուցին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրած են ապրիլ 21-ին Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ուժերու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին՝ փակ ճեպազրոյցի ժամանակ։

AP-ն կը գրէ, թէ նիստը օրէնսդիրները ձգած է «աւելի շատ հարցերով, քան պատասխաններով»։ Մասնաւորաբար, անոնք հարցեր ուղղած են Իրանի դէմ պատերազմի արժէքին, անոր ռազմավարութեան եւ նպատակներուն մասին, որոնք, սակայն, անպատասխան մնացած են։

The Washington Post-ը, գրելով Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին, կը նշէ, որ Փենթակոնի ներկայացուցիչները օրէնսդիրներուն յայտնած են, որ հնարաւոր է Իրանը 20-էն աւելի ական տեղադրած ըլլայ Հորմուզի նեղուցին մէջ եւ անոր շուրջ։ Ոմանք հեռակառավարումով տեղափոխուած են GPS-ով, ինչը դժուարացուցած է ԱՄՆ ուժերուն համար ականներու յայտնաբերումը անոնց տեղադրութեան պահուն։ Իսկ ուրիշները ենթադրաբար տեղադրուած են իրանական կողմէ՝ օգտագործելով փոքր նաւակներ։

Պարբերականը նաեւ կը գրէ, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղադրուած ականներու հեռացումը կարելի պիտի ըլլայ միայն Իրանի դէմ պատերազմի աւարտէն ետք։