image

Հոգեւոր հանդիպում Քեսապի մէջ՝ Դպրեվանքի հսկիչին եւ սաներուն մասնակցութեամբ

Հոգեւոր հանդիպում Քեսապի մէջ՝ Դպրեվանքի հսկիչին եւ սաներուն մասնակցութեամբ

Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիւրընկալեց աղօթական եւ եղբայրական գեղեցիկ հանդիպում մը, երբ Երեկոյեան Ժամերգութիւնը կատարուեցաւ Լիբանանէն ժամանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Ազատ Վրդ. Ֆիլիքեանի մասնակցութեամբ։ Ժամերգութիւնը առանձնայատուկ հոգեւոր խորհուրդ ստացաւ Դպրեվանքի սաներուն եւ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին միացեալ մասնակցութեամբ՝ վերածուելով հաւատքի, միասնական աղօթքի եւ եկեղեցական ծառայութեան կենդանի վկայութեան։ Արարողութենէն ետք ներկաները համախմբուեցան մտերմիկ հիւրասիրութեան շուրջ, շարունակելով քրիստոնէական սիրոյ եւ եղբայրական հաղորդակցութեան մթնոլորտը։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ Լիբանանէն ժամանած Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Ազատ Վրդ. Ֆիլիքեանի։ Ժամերգութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները եւ եկեղեցւոյս դպրաց դասը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք եւ հիւրասիրութիւն։