image

Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը այցելեց Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճար

Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը այցելեց Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճար

 

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի առիթով կը գտնուի Պոլիս, 30 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան այցելած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար եւ դիմաւորուած Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պատրիարքարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Հաղորդագրութիւնը ստորեւ՝

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակի նշման առթիւ քաղաքս այցելած է, 30 Նոյեմբեր 2025, Կիրակի առաւօտ այցելեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար։

Սրբազան Քահանայապետը ժամը 09.15ին, Մայր Տաճարի առաջ զանգակներու ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ, որու կողքին էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան եւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

Այստեղ աւանդական զգեստներով երկու մանուկներ աղ ու հաց մատուցին Նորին Սրբութեան, որ օրհնելով կերաւ։

Օրուան երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան եւ Արմաշ Դպրաց Դասերու միացեալ կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

ՀՐԱՇԱՓԱՌ

Մայր Տաճարի մուտքին եպիսկոպոսներ, վեղարաւոր միաբաններ, քահանայից ու սարկաւագաց դասերը թափոր կազմեցին եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ խորան առաջնորդեցին Սրբազան Քահանայապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:

Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը խորան բարձրացան, ուր «Թագաւոր երկնաւոր» շարականի երգակցութեամբ աղօթեցին Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

ՈՂՋՈՅՆ

Սարկաւագներ «Ողջոյն տուք միմեանց…» քարոզէն ետք երկու հոգեւոր պետեր ողջագուրուեցան:

Երկու Հոգեւոր Պետերու աղօթքներէ ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց ողջոյնի խօսքը (տե՛ս՝ https://www.facebook.com/share/p/1S3dqDyDwf/ ):

Ապա Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց իր շնորհակալութեան խօսքը (տե՛ս՝ https://www.facebook.com/share/p/1As6YSSgbg/ ):

ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Ուղերձներէ ետք տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Մեր Հոգեւոր Պետը Հռոմի Քահանայապետին նուիրեց Պոլսահայ վարպետներու գործ արծաթեայ սկիհ մը: Իսկ Սրբազան Պապը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց խճաքարով պատրաստուած խաչ մը:

Աղօթասացութեան վերջաւորութեան Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց «Պահպանեա զմեզ Քրիստոս Աստուած մեր» աղօթքը:

Ապա Տաճարը լեցնող ժողովուրդը միասնաբար արտասանեց Տէրունական Աղօթքը:

Արարողութեան վերջին օրհնութիւնը տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը:

Յետոյ հոգեւորականաց ու սարկաւագաց դասերը անգամ մը եւս թափոր կազմելով դէպի դուռ առաջնորդեցին զոյգ հոգեւոր պետերը:

ԽԱՉՔԱՐԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Ելքէն անմիջապէս առաջ՝ Տաճարի գաւիթին մէջ թափորը կանգ առաւ, ուր Սրբազան Քահանայապետն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ելան ձախակողմեան գաւիթ, ուր կատարուեցաւ խաչքարի վերաբացում: Երանաշնորհ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի այցելութեան ընթացքին, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ դրուած էր խաչքար մը ի յիշատակ Մայր Տաճար այցելող Հռոմի պապերուն: Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ.ի այցելութեան առթիւ այդ խաչքարին ներքեւ արձանագրութիւն դրուած էր, որուն բացումը կատարուեցաւ Սրբազան Պապին կողմէ:

ՄԵԿՆՈՒՄ

Այստեղ Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց հոգեւորականները եւ Գողթան ու Արմաշ Դպրաց Դասերը, որմէ ետք դուրս առաջնորդուեցաւ:

Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ մուտքին ողջերթ մաղթեց Նորին Սրբութեան, որով վերջ գտաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի այցելութիւնը: