Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակած է ՀՀ օրհներգի նոր խմբագրութիւնը՝ «Մեր հայրենիք» (բնագիրը՝ Միքայէլ Նալպանտեանի խօսքերու հիման վրայ, երաժշտութիւնը՝ Բարսեղ Կանաչեանի):
ՀՀ օրհներգի կատարումը՝ պաշտօնապէս հաստատուած ամբողջական եւ կրճատ տարբերակներով.
Ամբողջական օրհներգը
Երգչախմբի եւ նուագախումբի կատարմամբ
Օրհներգի կրճատ տարբերակ
Երգչախումբի եւ նուագախումբի կատարմամբ
ՀՀ օրհներգը պարտադիր կը հնչէ ՀՀ տարածքի մէջ գործող բոլոր հանրակրթական դպրոցներու, նախադպրոցական, արհեստագործական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ` անկախ սեփականութեան ձեւէն, ամէն երկուշաբթի՝ դասերը սկսելէ առաջ:
ՀՀ օրհներգը կը կատարուի ՀՀ տարածքին մէջ կացուող միջազգային պաշտօնական մրցումներու եւ մրցաշարերու, համապետական մարզական պաշտօնական միջոցառումներու բացման եւ փակման, ինչպէս նաեւ այդ ընթացքին տեղի ունեցող պարգեւատրման արարողութիւններու ժամանակ, իսկ ՀՀ տարածքէն դուրս` տուեալ պետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան:
ՀՀ օրհներգի կատարումը պարտադիր է նաեւ պետական պաշտօնական արարողակարգային միջոցառումներու ժամանակ։