image

Հիւսիսային Քորէան 2 հրթիռ արձակած է Ճափոնի ուղղութեամբ

Հիւսիսային Քորէան 2 հրթիռ արձակած է Ճափոնի ուղղութեամբ

Հիւսիսային Քորէան Դեղին ծովի տարածքին երկու հրթիռ արձակած է Ճափոնի ուղղութեամբ, յայտնած է Yonhap-ը։

Աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Տարեսկիզբէն Հիւսիսային Քորէան իրականացուցած է մօտ երկու տասնեակ հրթիռային փորձարկում։ Մասնաւորապէս, 5 յունիսին Հիւսիսային Քորէան միաժամանակ չորս հրթիռ արձակած է։ Մեկնարկներն իրականացուած են երեք տարածքներէ՝ արեւելեան եւ արեւմտեան ափերէն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քորէայի մայրցամաքային մասէն։

Թռիչքի առաւելագոյն բարձրութիւնը եղած է 50-100 քիլոմեթր, իսկ հեռահարութիւնը՝ 300-400 քիլոմեթր։