image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ սահմանը հատած ատրպէյճանցիներուն մեղադրանք առաջադրուած է. անոնք կալանաւորուած են

ՀՀ սահմանը հատած ատրպէյճանցիներուն մեղադրանք առաջադրուած է. անոնք կալանաւորուած են

Օրերս Հայաստանի մէջ ձերբակալուած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում, անոնք կալանաւորուած են։ Այդ մասին յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։

Ատրպէյճանցիներու նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ պետական սահմանը ապօրինի հատելու, պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար։