Օրերս Հայաստանի մէջ ձերբակալուած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում, անոնք կալանաւորուած են։ Այդ մասին յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։
Ատրպէյճանցիներու նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ պետական սահմանը ապօրինի հատելու, պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար։