image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ հարեւաններուն նկատմամբ հողային պահանջներու մասին խօսք չկայ. Փաշինեան

ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ հարեւաններուն նկատմամբ հողային պահանջներու մասին խօսք չկայ. Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը 2024 թուականի սեպտեմբեր 26-ի իր որոշման մէջ նշած է, որ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագրի յղումը կը վերաբերի բացառապէս հռչակագրի այն դրոյթներուն, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ։

Այս մասին X-ի էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ 

«ՀՀ Սահմանադրութեան ոչ մի դրոյթ տարածքային պահանջներ չի պարունակում հարեւան երկրների նկատմամբ»,- նշած է ան։