image

ՀՀ Իշխանութիւններ ճանչցէք Արցախի անկախութիւնը. Բագրատեան

ՀՀ Իշխանութիւններ ճանչցէք Արցախի անկախութիւնը. Բագրատեան

ՀՀ իշխանութիւններ ճանչցէք Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջով գրած է ՀՀ նախկին վարչապետ՝ Հրանտ Բագրատեան:

Յիշեցնենք, որ 24 Մարտին ատրպէյճանական զինուած ուժերը գրաւած էին Արցախի Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը, փորձած են հաստատուիլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քարագլուխ բարձունքը: Քարագլուխի համար մարտերուն զոհուած է 3 հայ զինծառայող, 14-ը վիրաւորուած, որոնցմէ 2-ի վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Ռուս խաղաղապահները կը բանակցին ատրպէյճանցիներուն հետ իրենց ելման դիրքեր վերադառնալու համար: 

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնապէս նամակով դիմած է ՌԴ նախագահին` խնդրելով աւելցնել խաղաղապահ զօրակազմի քանակը Արցախին մէջ: