image

«Հայրենիքը միայն պիտի չսիրենք իր լաւ օրերուն»Ամերիկահայ բժիշկ՝ Վաչէ Վասիլեան (Տեսանիւթ)

 «Հայրենիքը  միայն  պիտի չսիրենք  իր լաւ  օրերուն»Ամերիկահայ բժիշկ՝  Վաչէ  Վասիլեան (Տեսանիւթ)

Միացեալ Նահանգներէն՝ (Ֆրեզնոյէն) ժամանած բժիշկներու առաքելութիւնը արդէն հասած է  իր աւարտին: «Արեւելք»   մի քանի առիթներով լուսաբանեց անոնց աշխատանքը։

Առաքելութեան անդամակցող  բժիշկները այցելեցին նաեւ Արցախի Աղաւնօ գիւղը ու ներկայ եղան հաւաքական մկրտութեան արարողութեան: Այս մասին «Արեւելք»ին կը պատմէ առաքելութեան մասնակից, բժիշկ Վաչէ Վասիլեան:

«Մեր Հայաստան եղած ատեն, միեւնոյն ժամանակ Աղաւնօ գիւղ ալ այցելեցինք, շատ աւելի զօրացած զգացի ու նաեւ աւելի ամրացած: Հայաստանը քարտէզի վրայ նկար մը չէ, Հայաստանը հայրենիքի ժողովուրդն է, անկախ թէ ով է իշխանութեան գլուխը: Հայրենիքի ժողովուրդը այսօր ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի մեր աջակցութեան, եւ ոչ թէ  միայն նիւթական առումով:  Հայերը պէտք է գան Հայաստան, այցելեն ընտանիքներու  ու անոնց տան հոգեկան հանգստութիւն, աջակցութիւն,  որպէսզի հայրենի ժողովուրդը իմանայ, որ այս նեղ օրերուն մենք իրենց հետն ենք: Ճիշդ է աղէտալի պատերազմէն նոր դուրս եկած ենք, բայց մենք յոյս պէտք է ներշնչենք, ու ըսենք բոլորին որ մենք մէկ ենք ու միասին: Հայրենիքը պիտի չսիրենք միայն լաւ օրերուն, երբ մէկը ցաւի ու կարիքի մէջ է եւ մենք կը սիրենք ու կը յարգենք զինք անպայման նեցուկ կը կանգնինք իրեն: Ես կը հաւատամ հիմա, որ հայրենիքը բոլորիս կարիքը ունի, եւ մենք բոլորս միասնաբար, այս ցաւը որոշ չափով պիտի մեղմացնենք, դուրս գանք անկէ ու շարժինք առաջ:

Անշուշտ որ պատերազմէն նոր դուրս ելած Հայաստանը դարձած է այս տարածաշրջանի կիզակէտը: Բայց վախը գոյութիւն կ'ունենայ երբ մենք անմիասնական ենք, իսկ երբ միասին ենք, մէկ ենք, ամուր ենք ու ես այն ատեն ոչ մէկ բանէ կը վախնամ: Մեզի այդ միասնականութիւնը պէտք է, որովհետեւ անով ամէն ինչ կը յաղթահարենք եւ որեւէ մէկ պետութիւն, ով ուզէ ըլլայ, չի կրնար մեզի ոչնչացնել երբ միասնական ենք: Իսկ երբ տարանջատուած ենք շատ հեշտ է վատութիւն հասցնելը մեզի եւ այդ է մտահոգիչը ինծի համար: Երբ միասնական ենք նոյնիսկ մեր կորսնցուցածը կրնանք ետ բերել, եւ անշուշտ այդ միասնականութիւնը պիտի ըլլայ ճիշդ ձեւով ծրագրուած: Եւ ձեռք ձեռքի, սփիւռք- հայրենիք միասին անկեղծօրէն համագործակցելով լուծումներ գտնենք ամբողջ այս մեր ցաւերուն»: