image

Պոսթըն. Յիշատակուած է  հանրաճանաչ բժիշկ՝  Արամ Չոպանեան

Պոսթըն. Յիշատակուած է  հանրաճանաչ բժիշկ՝  Արամ Չոպանեան

Պոսթընի մէջ, օրերս, յատուկ ձեռնարկով մը յիշատակուած է հանգուցեալ տոքթ․ Արամ Չոպանեանի։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մովսէսեան Արուեստի Կեդրոնին մէջ,  կազմակերպութեամբ՝ Հայ Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութեան (AAMA)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոսթընի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» շաբաթաթերթէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Հինգշաբթի,  Մայիս 15-ին, Պոսթընի Հայ Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութիւնը (AAMA) կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ տոքթ․ Արամ Չոպանեանի։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մովսէսեան Արուեստի Կեդրոնին մէջ։

Տոքթ․ Չոպանեանի Պոսթընի Համալսարանին մշտական անձնակազմն էր, տարիներու ընթացքին իր տարբեր պաշտօններով։ Իսկ 2022-ին, իր մանկութեան բարեկամ Եդուարդ Աւետիսեանի առատաձեռնութեան շնորհիւ, բժշկական վարժարանը վերանուանուեցաւ «Պոսթըն Համալսարանի Չոպանեան-Աւետիսեան Բժշկական Դպրոց»։

Ան նաեւ աշխուժ դեր խաղաց Հայաստանի մէջ ամերիկեան բժշկական կրթութեան չափանիշները տարածելու հարցով։

Երաժշտութեան սիրահար, Չոպանեանը երկար տարիներ անդամ եղած էր Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society), որ կը կազմակերպէ Հայկական «Պոսթըն Փոփս»-ը։ Ան մահացաւ 2023 թուականին՝ 94 տարեկան հասակին։

Ձեռնարկին բացումը կատարեցին տոքթ․ Արմինէ Միրզապէկեան եւ տոքթ. Յովիկ Շիթիլեան։

Բացման իր խօսքին մէջ, տոքթ․ Միրզապէկեան, որ նաեւ այս առթիւ հիմնուած «Բժշկութիւն եւ Մարդասիրութիւն» յանձնախումբի ատենապետն է, յարգանքի տուրք մատուցեց Չոպանեանի։

«Չոպանեանի իմաստուն եւ խորաթափանց ոգիով ներշնչուած՝ մենք կը շարունակենք իր ժառանգութիւնը՝ մեր դասախօսական շարքը անուանելով իր անունով, ու մասնաւորելով այն արուեստի եւ բժշկութեան խաչմերուկին մէջ», ըսաւ Միրզապէկեան։

Շիթիլեան ներկայացուց ընկերակցութեան ապագայ նպատակները։

Ապա, տոքթ․ Ռիչըրտ Պապայեան ներկայացուց Չոպանեանը, նշելով թէ ան իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է, նախքան Պոսթընի Համալսարանին մէջ գործընկեր դառնալը։

1973-ին, Չոպանեան հիմնեց սրտաբանութեան հիմնարկ մը՝ առաջինը իր տեսակին մէջ, որ կը կապէր բարձր ճնշումը սրտի հիւանդութիւններուն հետ։ Ան աւելցուց, թէ Չոպանեանի հետազօտական աշխատանքը այս ոլորտէն ներս, համաշխարհային գագաթնակէտին վրայ կը գտնուի։

Ան աւելցուց թէ Չոպանեան1988-ին  դարձած էր Պոսթընի Համալսարանի Բժշկութեան Դպրոցի պատասխանատու տեսուչը, իսկ 2003-ին ստանձնած էր ամբողջ համալսարանի ժամանակաւոր ղեկավարութիւնը՝ բարդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին։

Եւ ի վերջոյ, 2022-ին, իր անունը յաւերժ տեղ գտաւ համալսարանին մէջ՝ երբ ան վերանուանուեցաւ «Պոսթընի Համալսարանի Չոպանեան եւ Աւետիսեան Բժշկական Դպրոց»։

Հայկական Օժանդակութեան Հիմնադրամի (FAR) գործադիր տնօրէն Պրի Քարիլիօ յայտնեց, որ տոքթ․ Չոպանեան շարունակ համագործակցեցաւ հիմնադրամին հետ եւ ձեւաւորեց նոր սերունդ մը հայ բժիշկներու, աւելի բարձր մակարդակի հասցնելով Հայաստանի առողջապահական համակարգը։

Ապա խօսք առաւ Ֆիչպըրկ համալսարանի երաժշտութեան դասախօս՝ Ճասթին Քազինկինօ, որ ի տարբերութիւն շատերու՝ ան Չոպանեանի ուսանողը չէր, այլ ուսուցիչը եղած էր՝ դասաւանդելով անոր երաժշտական ստեղծագործութիւն եւ պատմութիւն, երբ Չոպանեան իր 80-ականներուն մէջ էր։

«Մենք միասին աշխատեցանք 12 տարի եւ ես վստահ եմ, որ երաժշտութեան ուսումնասիրութիւնը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ անոր կեանքին վրայ։ Ան մշտապէս ինծի կը յիշեցնէր այդ մասին», ըսաւ Քազինկինօ։

Չոպանեան յաճախ կը նուիրէր իր գործերը կողակից Յասմիկին, որ մահացաւ 2014-ին։ Չոպանեան գրած էր քանի մը օփերաներ։

Անոր գրած լարային քառեակի գործերէն մէկը ներկայացուեցաւ, կատարողութեամբ՝ Հայկ Յովսէփեանի (ջութակ), Ճիւն Չունկի (ջութակ), Քարա Պօղոսեանի (Վիոլա) եւ Տիլշոտ Նարզիլաեւ (թաւ ջութակ)։

Ապա, քառեակը՝ Հայկ Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ, կատարեց շարք մը երկեր Կոմիտասէն, որոնք համատեղուած էին գեղանկարիչ Գէորգ Մուրատի կենդանի նկարներով։ Մուրատ կը նկարէր աւանդական տեսարաններ՝ երաժիշտներուն կատարումին ընթացքին։ Այդ նկարները ձեռնարկի աւարտին վաճառուեցան։

Գլխաւոր բանախօսն էր «Թաֆց» Համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս՝ տոքթ․ Անիրուտ Փաթէլ։ Ան ներկայացուց երաժշտութեան եւ ուղեղի միջեւ կապը։ Իր խօսքը միաժամանակ գիտական եւ մատչելի էր հասարակ հանդիսատեսի համար։ Ան ցուցաբերեց տարբեր օրինակներ՝ թէ երաժշտութիւնը ինչպէս կրնայ ազդել ուղեղի վրայ՝ նոյնիսկ ֆիզիքական փոփոխութիւններ առաջացնելով։

Փաթէլ բացատրեց, թէ երաժշտութիւնը ազդեցութիւն ունի լեզուի, շարժումներու եւ յիշողութեան վրայ։ Ան օրինակներ ներկայացուց այն մասին, թէ ինչպէս հիւանդներ, որոնք չեն կրնար խօսիլ, երբեմն կրնան երգել առանց դժուարութեան։

Լսատեսողական ոճով ներկայացում կատարելէ ետք, տոքթ․ Փաթէլ շեշտեց, որ բժշկական համալսարաններուն մէջ երաժշտութեան հետազոտութիւնը պէտք է, որ դառնայ պարտադիր։ Ան յիշեց, թէ հին դարերու բանաստեղծական մեծագոյն ստեղծագործութիւնները՝ որոնց կարգին Իլիականը, երգուած է յիշողութեան ամրապնդման նպատակով։

Ձեռնարկին վերջին բաժինին մէջ, տոքթ․ Կէյլ Կիւզելեան եւ տոքթ. Արմէն Արսլանեան, «Արամ  Չոպանեան Բժշկութիւն եւ Մարդասիրութիւն» մրցանակը յանձնեցին տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեանին, որուն մասնագիտութիւնն է երաժշտութիւնը օգտագործել մանկական քաղցկեղով հիւանդներու խնամքի ընթացքին։

Թաշճեան, որ ծնած է Լիբանան, ապա գաղթած Մոնրէալ եւ այժմ Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի Տէյվիտ Կէֆըն Բժշկական դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ եւ կը գործէ։

Իր ուսումնական ժամանակաշրջանին, տոքթ․ Թաշճեան Մասաչուսէցի Ընդհանուր Հիւանդանոցին մէջ հանդիպած էր ոսկրային քաղցկեղով փոքրիկ հիւանդի մը եւ այդ օրուընէ ի վեր գործի լծուած էր երաժշտութիւնը օգտագործելով։

«Պարզապէս ապշեցուցիչ է, որ տոքթ․ Չոպանեան, իր հասուն տարիքին, կրցաւ սորվիլ երաժշտութիւն։ Այս մրցանակը կը մարմնաւորէ հաւաքականութիւնը։ Մրցանակը ընդունելով՝ կ՛ըսեմ՝ շարունակեցէ՛ք տարածել երաժշտութիւնը, տարածել մարդկայնութիւնը, եւ իր պատուին՝ տարածել Արամը», եզրափակեց տոքթ․ Թաշճեան։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։