image

Հայկական ուժեր կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ

Հայկական ուժեր կրակ  չեն բացած  ատրպէյճանական դիրքերու  ուղղութեամբ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Մայիս 30-ին ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը` ապատեղեկատուութիւն է:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ  իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ: