image

«Ծիլ տուր հայերէն» Համահայկական պատանեկան ստեղծագործական մրցում

«Ծիլ տուր հայերէն» Համահայկական պատանեկան ստեղծագործական մրցում

Հայերէնը պատանի սերունդի ստեղծագործական ինքնարտայայտութեան լեզու դարձնելու նպատակով «Ամրոց» հիմնադրամը կը շարունակէ «Ծիլ» համահայկական ստեղծագործական ծրագիրը, որ այս տարի եւս կը համախմբէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի 14-17 տարեկան պատանիները։

«Ծիլ» համահայկական ստեղծագործական ծրագիրը լեզուի, ինքնութեան եւ պատանեկան ստեղծարարութեան նոր ուղի մըն է 14-17 տարեկան հայ պատանիներուն համար: Անոր նախաձեռնողն է «Ամրոց» հիմնադրամը, որ ստեղծուած է 2021 թուականին Հայաստանի մէջ, իսկ հիմնադիրներուն մեծամասնութիւնը հայաստանցի գործարարներ են:

«Ծիլ» ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու միտումով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ «Ամրոց» հիմնադրամի տնօրէն Անի Ղարաբաղցեանի հետ: Ան դիտել տուաւ, որ «Ծիլ» ծրագիրը «Ամրոց» հիմնադրամի առանցքային ծրագիրներէն է, որ ունի երեք հիմնական բաղադրիչներ.

– «Ծիլ տուր հայերէն» համահայկական պատանեկան ստեղծագործական մրցոյթ, որուն նպատակն է ստեղծագործ պատանիներու բացայայտում, գաղափարներու յայտնաբերում:

– Մարզային աշխատանոցներ` ստեղծագործական մտքի, որակի բարձրացում եւ հմտութիւններու զարգացում:

* Համայնք` համահայկական պատանեկան ստեղծագործական ցանց:

Ղարաբաղցեան բացատրեց, որ յաջորդաբար 5-րդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենայ «Ծիլ տուր հայերէն» մրցոյթը, որուն  կը մասնակցին 14-17 տարեկան պատանիներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Ան ըսաւ, որ «Վիվա»-ն թէ՛ 2025-ի եւ թէ՛ 2026-ի մրցոյթի գլխաւոր գործընկերն է, աւելցնելով, որ այս տարուան որպէս խորագիր ընտրած են «Միտքս հայերէն թող հնչէ աշխարհին» եւ կը նախատեսեն կրկնապատկել մասնակիցներուն թիւը եւ աշխարհագրական ընդգրկումը:

Հիմնական անուանակարգին մէջ ունին ստեղծագրութիւն, «քոմիքս» եւ պաստառներու ձեւաւորում եւ այս երեքին մէջ պիտի ստեղծագործեն: Ունին նաեւ օտարագիրը, որուն կարելի է մասնակցութիւն բերել որեւէ լեզուով:

Ղարաբաղցեան դիտել տուաւ, որ մրցոյթը յայտարարած են յուլիս ամսուն եւ սկսած են դիմումնագիրները: Վերջին ժամկէտը 10 հոկտեմբեր է: Ան ըսաւ, որ ուսումնասիրելէ ետք դիմումնագիրները անոնք կը յանձնուին դատական կազմին, որ բաղկացած է Հայաստանի մէջ ապրող ստեղծագործներէ, որոնք մէկ ամսուան տեւողութեամբ կը սերտեն եւ կը յայտարարեն արդիւնքները, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ փակման արարողութիւնը: Այս տարուան մրցոյթի փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2027-ին, որուն ընթացքին հիմնական անուանակարգի յաղթողները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, իսկ խրախուսական  անուանակարգի յաղթողները` օտարագրի յաղթողները պիտի ստանան կրթական եւ տարբեր նուէրներ:

Անդրադառնալով աշխատանոցներուն եւ Ղարաբաղցեան ըսաւ, որ հովանաւորութեամբ «ԱՄՔՈՐ» հիմնադրամին, 2026-ին սկսած են աշխատանոցներ կազմակերպել, որոնցմէ առաջինը «Ծիլ տուր Լոռի»-ն է, որ ընդգրկած է Հայաստանի տարբեր մարզերէ ժամանած 12 հոգի, եւ 3-4 օրերու ընթացքին անոնք օրական 7-8 ժամ գրած, ստեղծագործած եւ քննարկումներ կատարած են եւ աւարտին ներկայացուցած են իրենց աշխատանքը: Ասիկա իրենց համար լաւ եւ հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղած է, եւ այս ծրագիրը պիտի շարունակուի:

Արդարեւ, «Ծիլ» ծրագիրը կը միտի հայերէնը դարձնել Հայաստանի եւ սփիւռքի պատանիներուն ինքնարտայայտման հիմնական լեզուն, նաեւ կոչ է պատանիներուն` խօսելու աշխարհի հետ իրենց լեզուով: Անոնք կը սորվին, որ գրելն ու ստեղծագործելը մշակութային շարունակականութիւն եւ յիշողութիւն պահպանելու հզօր ձեւ է: Բացի լեզուական հմտութիւններէ` պատանիներուն մօտ կը զարգանան` ինքնավստահութիւնը, քննական միտքը եւ համայնքային պատասխանատուութինը:

Դիմելու համար կարելի է ստուգել  https://amrots.foundation/%D5%AE%D5%AB%D5%AC-2026 կայքը կամ գրել info@amrots.foundation հասցէին: