Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Մայիս 30-ին ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը` ապատեղեկատուութիւն է:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ: