Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը «Նոր ուժ» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն է յունիս 7-ի ընտրութիւններուն։ Այս մասին կուսակցութեան անդամները յայտնած են մարտ 21-ին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։
Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդառաջ «Նոր ուժ» ռեֆորմիստական կուսակցութիւնը հանդիպում նախաձեռնած էր՝ քննարկելու ՀՀ ԱԺ ընտրութիւններուն կուսակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափը։
«Նոր ուժ» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Գրիգոր Երիցեանը հակիրճ ներկայացուցած է կուսակցութեան տեսլականի 7 կէտը։