image

Հաքքան Ֆիտան. Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարժին դէպի մշտական խաղաղութիւն

Հաքքան Ֆիտան. Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարժին դէպի մշտական խաղաղութիւն

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարժին դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր։ Այս մասին «Anadolu» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

«Կովկասի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութենէն ետք, կը յուսանք, որ այժմ հրադադար կը տիրէ, հրադադար, որ լաւ կը գործէ։ Աջակցելով այս գործընթացին՝ նկատի կ՚ունենանք անվտանգութեան եւ տնտեսական ճարտարապետութեան հեռանկարը», նշած է ան։