image

Արամ Վարդեւանեան ընտրուեցաւ ԱԺ փոխխօսնակի պաշտօնին

Արամ Վարդեւանեան ընտրուեցաւ ԱԺ փոխխօսնակի պաշտօնին

Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը փակ քուէարկութեան արդիւնքներով ընտրուած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնին։

Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Մինասեանը յայտնած է, որ Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 53-ը։

Քուէատուփին մէջ եղած է 53 քուէաթերթիկ, որոնցմէ ոչ մէկն անվաւեր համարուած է։

Քուէարկութեան մասնակցած բոլոր 53 պատգամաւորները կողմ քուէարկած են Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնին Արամ Վարդեւանեանի թեկնածութեան։

Աւելի վաղ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանը յայտնած էր, որ իրենց խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ Վարդևանեանի թեկնածութեան, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Արուսեակ Մանաւազեանն ըսած էր, որ իշխող ուժը որոշած է ապահովել բաւարար ձայներ, որպէսզի Արամ Վարդեւանեանն ընտրուի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնին։