image

Իսրայէլը թոյլ պիտի չտայ, որ Իրանը միջուկային զէնքի տիրանայ. Նաթանիահու

Իսրայէլը թոյլ պիտի չտայ, որ Իրանը միջուկային զէնքի տիրանայ. Նաթանիահու

Իսրայէլ, անկախ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնագիրի առկայութենէն, թոյլ պիտի չտայ Իրանին միջուկային զէնք ձեռք բերել։ Այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն՝ հրեայ պետութեան կառավարութեան շաբաթական նիստի սկիզբը։

«Ես մեծապէս կը գնահատեմ Իսրայէլի պատմական գործընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ՝ Իրանի կողմէ միջուկային զէնք ձեռք բերելու փորձերուն դէմ պայքարին մէջ։ Եւ կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել՝ համաձայնագիրով կամ առանց համաձայնագիրի, քանի դեռ ես վարչապետ եմ, Իրանը միջուկային զէնք պիտի չունենայ», ըսած է Նաթանիահուն։

Նաթանիահուի խօսքով՝ վերջին շաբաթներուն Իրանը կը յարձակի տարածաշրջանի երկիրներու, նոյնիսկ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներու վրայ, սակայն կայ երկրորդ պետութիւն մը, որուն վրայ ան չի յարձակիր՝ Իսրայէլը։

Անոր կարծիքով՝ այդ տեղի կ՚ունենայ այն պատճառով, որ Թեհրան գիտէ, թէ Իսրայէլ որքան հզօր հարուած պիտի հասցնէ զինք, եթէ նման բան ընէ։