Յովիկ Աբրահամեանի որդին՝ Արգամ Աբրահամեանը, կալանաւորուած է։ Դատարանը բաւարարած է Աբրահամեանին երկու ամիսով կալանաւորելու մասին քննիչի միջնորդութիւնը։
Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։
Հիշեցնենք, որ ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնէն ներս իրականացուող քրէական վարոյթով կատարուած նախաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ կատարուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով առերեւոյթ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած էին այն մասին, որ դեռ 2023 թուականի ապրիլ 30-ին Երեւան քաղաքի Միասնիկեան պողոտայի շէնքերէն մէկու մուտքի մօտ կատարուած Սողոմոն Վլասեանի սպանութիւնը պատուիրուած է Արտաշատ համայնքի նախկին ղեկավար, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Արգամ Աբրահամեանի կողմէ: