Հայերէնը կը զուարճանայ (150
1.Ուշադրութի՛ւն ծուղակին
Փութին ու Ռայիսի պիտի քննարկեն յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ տնտեսական ոլորտներուն մէջ («Ազդակ», 6/12/23, էջ 4):
--Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառեալ ճարտարագիտական ոլորտին մէջ (անդ, էջ 1):
* * *
Ներառեալ-ը ներառել բայի գրաբարաձեւ մէկ դերբայն է` յարակատարը:
Աշարհաբարի մէջ ունի չորս նշանակութիւն՝ ներառած, ներառելով, ներառուած, ներառուելով: Տեղին համեմատ կը նշամակէ նաեւ՝ ներառող եւ ներառուող:
Եթէ փորձենք որոշել, թէ մէջբերուած օրինակներուն մէջ այս չորս նշանակու-թիւններէն ո՛ր մէկն է յարմարագոյնը, ապա պիտի նկատենք, որ ասոնցմէ գոնէ երեքը աւելի կամ պակաս յարմար են:
Այսպէս՝
--Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառած ճարտարագիտական ոլորտը:
--Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառելով ճարտարագիտական ոլորտը:
--Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառուած ճարտարագիտական ոլորտը:
Ի՞նչ կը նկատենք:
Կը նկատենք շատ կարեւոր երեւոյթ մը. ո՛ր թարգմանութիւնն ալ տանք ներառեալ-ին, ապա ոլորտը կը դրուի անփոփոխ. սա աշխարհաբարի ուղղական-հայցական հոլով ըսուածն է:
Գրաբարը չինարէն չէ, ան ալ հայերէն է, եւ ուրեմն ան ալ ներառեալ-ին հետ պարտի ըսել ու գրել ոլորտը կամ ոլորտները:
Եւ ո՛չ՝ ոլորտին մէջ կամ ոլորտներուն մէջ:
Ասոնք երկուքը... ահա չինարէն են, եւ արեւմտահայը ընդհանրապէս ներառեալ-ը կը կիրարկէ չինացիի պէս՝ առանց հայագիտութեան դափնեպսակը մէկուն զիջելու:
Արեւելահայը օրին աւելի ճիշդ կը կիրարկէր ներառեալ-ը. անկախութիւնը, շատ մը բաներու կողքին, խախտեց ասոր ճիշդ կիրակութիւնն ալ, վկայ՝ հայրենի ԶԼՄ-ները, որոնք զիրար կը գերազանցեն՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի խտրութեան:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն ներառեալ-ին կից միշտ անփոփո ՛խ կիրարկել անոր բնորոշած բառը, որ իր քերականական խնդիրն է: Եւ այս՝ անկախ նախադասութեան այլ հոլով ունեցող խնդիրներէն. օրինակ՝
--Մենք կը հպարտանանք Թորոսով ու Մարկոսով, նեարառեալ Կիրակոսը:
--Դիմեցինք Թորոսին ու Մարկոսին, ներառեալ Կիրակոսը:
--Հրաժարեցաւ Թորոսէն ու Մարկոսէն, ներառեալ Կիրակոսը:
* * *
Կը շարունակեմ անոնց համար, որոնք կը ձգտին քիչ մը աւելի առաջ երթալ:
Ինչպէս նկատեցիք, ներառեալ դերբայը աշխարհաբար թարգմանեցինք թէ՛ ներգործաբար՝ ներառած, թէ՛ կրաւորաբար՝ ներառուած:
Ասոնց առաջինը քերականօրէն կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, իսկ երկրորդը՝ ուղղական հոլով խնդիր:
Քանի որ գոյականին ուղղականն ու հայցականը նոյնն են, ապա հաւասարա-պէս կը գրենք ոլորտը, որ իրօք թէ՛ ուղղական է, թէ՛ հայցական: Ուրեմն գոյական խնդիրի պարագային երկբայելու կարիք ու վախ չունինք:
Սակայն խնդիրը կրնայ ըլլալ անձնական դերանուն մը, որուն ուղղականն ու հայցականը տարբեր են՝ ես/զիս, դուն/քեզ, ինք/զինք, ան/զայն, մենք/մեզ, դուք/ձեզ, իրենք/զիրենք, անոնք/զանոնք:
Ինչպէ՞ս որոշել, ինչպէ՞ս ընտրել, ո՞ր մէկը ընտրել:
ա) Ներգործական՝ ներառեալ/ներառած
Երբ, ուրեմն, ներառեալ-ը մտածուած է ներգործաբար, պարտաւոր ենք կիրարկելու հայցական հոլով դերանուն խնդիր. օրինակ՝
--Բոլորը հրաւիրեցին տօնահանդէսի, ներառեալ/ներառած զիս:
--Խուսափեցան իրենց բոլոր ծանօթներէն, ներառեալ/ներառելով քեզ:
Հաւանաբար այս վերջին օրինակին առթիւ զօրաւոր հակում ունիք ըսելու՝ քեզմէ: Սակայն անհեթեթ է ըսել քեզմէ. Ճիշդ ինչպէս որ չեմ կրնար աշխարհաբար ըսել «ներառելով քեզմէ», այնպէս ալ թոյլատրելի չէ ըսել «ներառեալ քեզմէ», քանի ներառեալ եւ ներառելով համարժէք են:
բ)Կրաւորական՝ ներառեալ/ներառուած
Իսկ երբ ներառեալ-ը մտածուած է կրաւորապէս, պարտաւոր ենք կիրարկելու ուղղական հոլով դերանուն խնդիր. օրինակ՝
--Բոլորը հրաւիրուեցան տօնահանդէսի, ներառեալ/ ներառուած ես:
--Բոլոր դիմորդները նկատի պիտի առնուին, ներառեալ/ներառուած դուն:
Յետագրութիւն
Ինչո՞ւ սխալ կը կիրարկուի ներառեալ-ը:
Այսինքն՝ այս դերբային խնդիրը:
Սխալ կը կիրարկուի, որովհետեւ ներառեալ-ը գրաբար կառոյց է, եւ աշխարհաբարեան մտածողութիւն ունեցողին համար,− իմա՝ արդի հայութեան բացարձակ մեծամասնութեան,− ան այլեւս թելադրական չէ, եւ արդի հայը զայն կ’ընկալէ համադասական շաղկապի մը պէս եւ ներառեալ-ի խնդիրին կու տայ ափեղ-ցփեղ ձեւաւորում մը, ինչպէս է պարագան թիւ 1-ի մէջ բերուած բնագրային օրինակներուն: Ի՞նչ ընել:
Ամէն բանէ առաջ ցուցաբերել սորվելու պարկեշտ ու անկեղծ ճիգ մը:
Երկրորդ՝ ամէն առթիւ ներառեալ-ը մտովի թարգմանել աշխարհաբարի եւ ուշադրութիւն ընել, թէ ձեր գրածը հա՞շտ է աշարհաբարեան ձեւին:
Երրորդ՝ հրաժարիլ գրաբարեան ձեւէն եւ կիրարկել աշխարհաբարեան համարժէքը. այս կը հանդիսանայ սխալները կանխելու լաւագոյն միջոցը:
Մրցոյթ 147.
***Ո՞ր մէկը կ’ընտրես դուն.
---Մենք պէտք չէ յուսահատինք:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.
---Ռուսիոյ օգտագործած անօդաչու սարքերու մեծ մասը Իրանի արտադրու-թիւն է:
(Իրան արտադրած է Ռուսիոյ օգտագործած անօդաչու սարքերու մեծ մասը)
***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները.
--Կ’ակնկալուի տնտեսական համագործակցութեան շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրումը:
--Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական ձախող փորձի հետաքննութեան ծիրէն ներս ձերբակալուած են տասնեակ մը լրագրողներ:
--Իսրայէլի մէջ մտահոգութիւններ կան, թէ Համասի զինեալները Գազայի մէջ մնան:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան(8), Յովիկ Աթոքեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գէորգ Եազըճեան(9), Համբարձում Յարթունեան (8), Վարդի Դանիէլեան (8), Վահէ Աբէլեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան ( 10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Մարք Շիրին (6):
Մրցոյթ148.
***Կէտերը փոխարինել իրեն կամ անոր դերանուններէն մէկով. .
---Թորոս այցելեց Մարկոսի, . . . . . ընկերացաւ տասնամեայ մանչը:
---Թորոս հանդիպեցաւ Մարկոսի՝ . . . . . կ’ընկերանար անծանօթ մարդ մը:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Փլուզումի հետեւանքները տարուան կէսին իրենք զիրենք զգացնել տուին:
---Այս երկու տեսակի խնդիրները իրարու հետ անքակտելիօրէն կապուած են:
***Ո՞ր շարադասութիւնը աւելի հայեցի ու տպաւորիչ կը գտնես.
---Որպէսզի յիշելով մեր հերոսները՝ վերանորոգ կեանքով ապրինք:
Որպէսզի յիշելով մեր հերոսները՝ ապրինք վերանորոգ կեանքով:
Արմենակ Եղիայեան