image

«Հայաստանը իր բնական զարգացումը կը շարունակի». Վարչապետ

«Հայաստանը իր բնական զարգացումը կը շարունակի». Վարչապետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջերմուկի մէջ ներկայ գտնուած է «Ֆեսթիվառ» երաժշտական զբօսաշրջային փառատօնին, որ առաջին անգամ ըլլալով կայացած է ձմեռը:

Փառատօնի ընթացքին երկրի ղեկավարը հանդէս եկած է ելոյթով, ողջունել ջերմուկցիները եւ Ջերմուկի մէջ գտնուող հիւրերը, շնորհաւորած է Ամանորի առիթով, ընդգծած, որ Ֆեսթիվառն առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ ձմեռնային ձեւաչափով։

Վարչապետն ուրախութեամբ արձանագրած է, որ Ջերմուկի մէջ տրամադրութիւնը տօնական է եւ քաղաքը  բնականոն կեանքով կ՚ապրի ու կը զարգանայ:

«Ուզում եմ ձեզ բոլորիդ ողջունել եւ իսկապէս գնահատել այն, որ մեզ յաջողուեց 2025-ից 2026-ի տարեմուտը՝ Նոր տարին բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորել: Համոզուած եմ, որ մենք այս տարին նոյնպիսի բարձր տրամադրութեամբ կը շարունակենք, եւ ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնականոն իր զարգացումը կը շարունակի՝ յանուն իր քաղաքացիների ազատութեան, երջանկութեան եւ բարեկեցութեան»,-իր խօսքին մէջ նշած է վարչապետը:

«Ֆեսթիվառ»-ի շրջածիրէն ներս այլ միջոցառումներուն զուգահեռ, տեղի ունեցած է նաեւ մեծ համերգ, ուր ելոյթ ունեցած են սիրուած արուեստագէտներ Արամ MP3-ն եւ Yellowheart-ը, բացառիկ ելոյթով անոնց միացած է նաեւ «Մանկական Եւրատեսիլ 2025»-ի Հայաստանի պատուիրակ Ալպերթը: