image

Հայաստանը հրաւէր ստացած է՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ԱՊՀ խաղերուն

Հայաստանը հրաւէր ստացած է՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ԱՊՀ խաղերուն

Հայաստանը հրաւէր ստացած է՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ԱՊՀ երրորդ խաղերուն։ Հրաւէրներ ուղարկուած են ԱՊՀ բոլոր երկիրներուն, Հայաստանը դեռ մասնակցութիւնը չէ հաստատած։ Այս մասին յայտարարած է Baku City Circuit (BCC)  ընկերութեան անվտանգութեան եւ գործառնութիւններու գծով ղեկավար Այկիւլ Աղաեւան, գրած է APA-ն։

Խաղերու բացման եւ փակման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Կեանճայի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ։

Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրեասեանը յայտնած է, որ առաջարկն առաջիկային պիտի քննարկուի եւ որոշում պիտի կայացուի։

«Կախուած է տարբեր հանգամանքներից, այդ թւում՝ անվտանգութեան միջոցառումներից։ Կարծում եմ որոշումները պէտք է կայացուեն ամբողջական ինֆորմացիայի պարագայում։ Կը քննարկենք եւ որոշումը կը կայացնենք»,- կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է նախարարը։

Հայ մարզիկները մինչ այս մասնակցութիւն ունեցած են Ատրպէյճանի մէջ կայացող մարզական իրադարձութիւններուն։

Ատրպէյճանը եւս Հայաստանի մէջ մասնակցած է մարզական միջոցառումներու՝ 2009-ին, 2014-ին եւ 2023-ին։