Իրանը միջնորդներէն ստացած է «որոշ առաջարկներ», որոնք ուղղուած են լարուած իրավիճակը մեղմացնելուն, սակայն անոնց մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղային։
«Միջնորդներէն առաջարկներ ստացած ենք, սակայն, ձեր արտօնութեամբ, այս պահուն մանրամասնութիւններ չեմ յայտներ։ Կը հաստատեմ, որ որոշ գաղափարներ ներկայացուած են»,– իրանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է ան։
Պաղային, պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանական Խարկ կղզին գրաւելու սպառնալիքներուն, նաեւ յայտնած է, որ Իրանին պատկանող կղզիներու բնակիչները պատրաստ են ամերիկացի զինուորներուն «ջերմ ընդունելութիւն» կազմակերպելու, եթէ Իրանի դէմ ցամաքային գործողութիւն սկսի։
«Կը կարծեմ, որ հոն շատ մարդիկ կան, որոնք կը սպասեն, որ «ջերմ ընդունելութիւն» կազմակերպեն»,– ըսած է ան։