Ամերիկեան «Ֆորպս» ամսագիրը ընդարձակ յօդուած մը հրապարակած է հայկական գինեգործութեան ոլորտի մասին ու ... Հայաստանը անուանած «գինիի ծննավայրի շուրջ բանավէճի նոր թագակիր»։
Յօդուածին մէջ դիտել կը տրուի որ հայկական գինիի պատմութիւնը կ'ընդգրկէ շուրջ 6000ամեայ տարեգրութիւն մը, սկսելով Արենի-1 քարանձաւէն՝ աշխարհի ամենահին գինեգործարանէն մինչեւ ժամանակակից վերածնունդ, որ կը փոխէ երկրի ապագան։
«Ֆորպս» հրապարակեց նաեւ այն ապրանքանիշերը, որոնք կը ձեւաւորեն հայկական գինեգործութեան նոր «քարտէս»ը.
- «Զօրահ վինս» ապրանքանիշը Արենի խաղողի հնեցումը կը կատարէ կարասներու մէջ եւ կը ստանայ միջազգային մրցանակներ։
- «ԻնՎինօ» ապրանքանիշը Երեւանի մէջ գինիի առաջին ակումբն է, ուր գինիի մշակոյթը դարձած է մայրաքաղաքի կեանքի մասնիկը։
- «Գէորգեան վինըրի» ապրանքանիշը փորձեր կ'իրականացնէ ստեղծելով փրփրուն գինի եւ վերակենդանացնելով հնագոյն թեքնիքագիտութիւնները։
- «Քրեայ» ապրանքանիշը կը վերականգնէ Վայոց Ձոր մարզի լքեալ խաղողի վազերը։