image

Աւելի քան 200 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքն ապօրինի օտարելու գործով Արմէն Աշոտեանի եւ եւս 2 անձանց մասով նախաքննութիւնն աւարտած է

Աւելի քան 200 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքն ապօրինի օտարելու գործով Արմէն Աշոտեանի եւ եւս 2 անձանց մասով նախաքննութիւնն աւարտած է

Հայաստանի քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ աւելի քան 200 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքն օտարելու եւ փողերու լուացման օժանդակելու համար 3 անձի մասով նախաքննութիւնն աւարտած է։

Ինչպէս յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն, խօսքը «Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան» ՊՈԱԿ-ի օգտագործման յանձնուած Երեւան քաղաքի Պուշկինի փողոցի 38/1 շէնքի թիւ 59 հասէցի վրայ գտնուող 451.1 քմ մակերեսով հասարակական շինութիւնն ապօրինի օտարելու, առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացում կատարելու, ատոնց օժանդակելու դէպքերու վերաբերեալ քրէական վարոյթի մասին է։

Այդ գործով մեղադրանք առաջադրուած էր 7 անձի, որոնց շարքին էին նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանը,Վալերի Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի նախկին տնօրէն Գայիանէ Գասպարեանը, նոյն համալսարանի նախկին փոխ տնօրէն Արթուր Աւագեանը։

Նախաքննութիւնն աւարտած է Արմէն Աշոտեանի, Գայիանէ Գասպարեանի եւ Արթուր Աւագեանի մասով։ Անոնց վերաբերեալ քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին:

Միւս անձանց մասով քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: