image

Հայաստանը 2026-ին պիտի հիւրընկալէ կենսոլորտի նուիրուած COP-17-ը համաժողովը

Հայաստանը 2026-ին պիտի հիւրընկալէ կենսոլորտի նուիրուած  COP-17-ը համաժողովը

2026 թուականին Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ կենսաբազմազանութեան կողմերու համաժողովը՝ Cop17-ը։

Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարար Յակոբ Սիմիդեանը։

«65 ձայնով Հայաստանն ընտրուել է որպէս Կենսաբազմազանութեան կողմերի համաժողովի հիւրընկալող երկիր»,- գրած է ան։

Նշենք, որ ընտրութիւնը կատարած են Քոլումպիայի Քալի քաղաքին մէջ ընթացող COP16-ի մասնակից երկիրները։ 

Միջոցառումը նուիրուած է բնապահպանական խնդիրներու քննարկման, կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու եւ կենսաբազմազանութիւնը պաշտպանելու համար համաձայնեցուած լուծումներ գտնելուն: